Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ա. Եւ Ռ. Փիլիպոս Վարժարանի 8-Րդ Կարգի Աշակերտութիւնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան Եւ Ստացաւ Հայրական Օրհնութիւն

By May 6, 2025No Comments

Ուրբաթ, 2 Մայիս 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Ա. եւ Ռ. Փիլիպոս վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտութեան, որ ուսումնառութեան միջնակարգ բաժինը աւարտելու եւ երկրորդական կարգ անցնելու սեմին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը կը հայցէ:

Աշակերտական խումբը Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեց առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Սիւզի Օհանեանի եւ պատասխանատու ուսուցիչներու:

«Հանգրուան մը կը փակուի, ուրիշ մը կը բացուի ձեր կեանքին մէջ այսօր եւս, սիրելի՛ աշակերտներ: Ինչպէս կարգն է, աշակերտական կեանքի ամէն մէկ հանգրուանին՝ մանկութենէն մինչեւ աւարտական դասարան, դուք կ՛այցելէք եւ դեռ պիտի այցելէք Ազգ. Առաջնորդարան, որովհետեւ այս նաեւ ձեր բոլորին տունն է: Ճիշդ է, որ այս հանգրուանին, ձեզի համար ձեր վարժարանն է ձեր երկրորդ տունը, բայց օր պիտի գայ, որ աս Հոգեւոր կառոյցը ձեր երկրորդ տունը պիտի ըլլայ: Ազգ. Առաջնորդարան կատարած ձեր աշակերտական այս այցելութիւններուն շնորհիւ, այսօր դուք շատ կարեւոր ճշմարտութիւն մը ձեռք կը ձգէք եւ կը գիտակցիք, որ երբ վերջնականապէս աւարտէք Ազգ. Փիլիպոս վարժարանի բոլոր դասարանները, ձեր երկրորդ տունը՝ ընտանեկան տունէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանը պիտի դաւանիք: Մեր մաղթանք է, որ այս ճշմարտութիւնը յիշէք ձեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան եւ այցելէք այս Հոգեւոր կեդրոնը », դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ եւ աւելցուց. «Դուք չէ՛ որ մեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէք, որ ձեզ ընդունեցինք հոս, այլ մենք ենք, որ շնորհակալ ենք ձեզի՝ ձեր երկրորդ տունը այցելելնուդ համար»:

Արդարեւ, մատղաշ աշակերտութիւնը Ազգ. Առաջնորդարան կ՛այցելէր յաջողութեան խնդրանքով, բայց անկէ կը մեկնէր հոգեւոր եւ մշակութային նոր լիցքով, որովհետեւ սրահային իր կոկիկ յայտագիրով եւ գաւիթի մուտքին կատարած խանդավառ երգերով ինքզինք կը զգար իր տան մէջ, ինչ որ խանդավառեց նաեւ մեծերը: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելու աշակերտները առաջնորդեց մատուռ, ուր միասնաբար ունեցան աղօթական պահ, ապա Գեղամ Արքեպիսկոպոս հայրական իր օրհնութիւններով յաջողութեան եւ ապահով կեցութեան մաղթանքներ շռայլեց բոլորին:

Յայտնենք, որ յանուն ութերորդ կարգի աշակերտներուն, Տիկին Օհանեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց յուշանուէր, իսկ հոգեկան ուրախութեամբ լեցուած աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանէն իրենց հետ իբրեւ նուէր տարին փայտեայ օրհնուած ապարանջան եւ «Իմ աղօթագիրքս» գրքոյկէն մէյ մէկ նմուշ:

Close Menu

Categories