Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45-ամեակի Ճաշկերոյթ

By February 12, 2020June 17th, 2024No Comments

Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի 45-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «California Science Center»ին մէջ՝ «Միասին կառուցենք, սերունդներ կերտենք» նշանաբանով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ատենադպիր Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամ եւ օրուան հանդիսավար՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեանի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք կատարուեցաւ բացման աղօթքը։ Ցուցադրուեցաւ վարժարանի պատմութեան մասին տեսաերիզ մը։ Յանուն Ուսումնական Մարմինին, խօսք առաւ ատենապետ Տիար Արթին Շահվերտեան։ Վարժարանի վարիչ Տիկին Արսինէ Աղազարեան փոխանցեց իր պատգամը։ Վարժարանի հիմնադիր անդամներ, առաջին վարիչն ու ուսուցիչներ երախտագիտութեան յուշանուէրներ ստացան իրենց մատուցած ծառայութեանց եւ նուիրաբերումին համար։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան շնորհաւորեց ու գնահատեց վարիչը, Ուսումնական Մարմինը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողներն ու նուիրատուները 45-ամեակին առթիւ, նշելով, որ միասին կառուցեցինք ու սերունդներ կերտեցինք եւ պիտի շարունակենք կառուցել ու կերտել։ Ան յատկապէս դրուատեց դպրոցի բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեան ամոլը իրենց մնայուն զօրակցութեան եւ ցուցաբերած հոգածութեան համար, որ որոշիչ դեր ունեցած են վարժարանի յառաջխաղացքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս առթիւ Տէր եւ Տիկին Թիւֆէնքեանները 100.000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը կը կատարեն՝ ի նպաստ վարժարանի ընդարձակման եւ արդիականացման ծրագիրներուն։ Ան օրհնեց անոնց սիրեցեալ զաւկին Ռիչըրտին յիշատակը եւ խօսքը եզրափակեց՝ անոնց քաջառողջութիւն մաղթելով։

Վարժարանի Շրջանաւարտից Միութեան խօսքը փոխանցեց Օր. Սարին Հապէշեան։

Close Menu

Categories