Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի 50-ամեակի Ճաշկերոյթ

By March 11, 2020June 18th, 2024No Comments

Շաբաթ, 7 Մարտ 2020-ին, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 50-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «The Music Center»ին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ։ Ճաշկերոյթի գլխաւոր հովանաւորներն էին Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ օրուան հանդիսավար՝ Տիար Կարօ Իսբէնճեանի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան կատարեց բացման աղօթքը։ Ապա, ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Հանան Կարապետեան արտասանեց բացման խօսքը։

Այս առիթով Տնօրէնութիւնը մեծարեց կարգ մը անհատներ, որոնք յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած էին վարժարանի հիմնադրութեան եւ բարգաւաճման մէջ։ Մեծարեալներն էին Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցին, Տիար Վահէ Կարապետեան, եւ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, ինչպէս նաեւ յետ մահու մեծարանքի արժանացան Տէր եւ Տիկին Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս, Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Զեփիւռ Աբգարեան եւ Տիար Ներսէս Թաշճեան, որոնց հարազատները ստանձնեցին յուշանուէրները։

Այնուհետեւ, վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեան ուղղեց իր պատգամը, որուն յաջորդեց տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքը։ Ան վեր առաւ Հայ Դպրոցի առանձնայատկութիւնները, ընդգծելով, որ անոր առաքելութիւնը կ’երթայ ակադեմականէն շատ աւելին անդին. ան հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ նորահաս սերունդներուն, անոնց սրտերն ու հոգիները թրծելով հայու հաւատքով, մայրենիի ուսուցմամբ, հայ ազգին ու եկեղեցիին հաւատալիքներն ու աւանդոյթները փոխանցելով եւ անոնց հայկական ինքնութիւնը կազմաւորելով։ Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց, որ Ազգ. Փիլիպոս վարժարանը հաւատարմօրէն կառչած մնաց այս սկզբունքներուն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն՝ 50 տարիներ առաջ։ Ան գնահատեց բոլոր հիմնադիրները, անցեալի եւ ներկայի տնօրէնները, ուսումնական մարմինի անդամները, ուսուցչակազմը, շրջանաւարտներն ու բոլոր բարերարները, որոնք օրը օրին ու տարուէ տարի մշակեցին եւ աճեցուցին այն սերմերը, որոնք ցանուած էին շուրջ կէս դար առաջ, կերտելով վարժարանին այսօրուան դիմագիծը։ Ան շնորհաւորեց նաեւ երեկոյի մեծարեալները իրենց անսակարկ նուիրաբերումին համար։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ բոլորը միացեալ ճիգերով շարունակեն այս ծառայութիւնը հասնելու աւելի մեծ յաջողութիւններու եւ նուաճեն նոր բարձունքներ յառաջիկայ 50 տարիներու ընթացքին։

Close Menu

Categories