Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարանի 5-Րդ Կարգի Աշակերտները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

By March 25, 2026No Comments

Հինգշաբթի, 19 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Զատկուան առիթով ընդունեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի 5-րդ կարգի աշակերտները, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին վարժարանի պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, ապա Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ համարձակօրէն ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ կը բաղկանար խմբական երգերէ, ասմունքներէ եւ պարերէ:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց պատանի աշակերտներուն աշխոյժ ներկայացումները, ապա անակնկալի եկաւ, երբ աշակերտներ իրեն հարցուցին նախօրօք պատրաստուած հարցումներ, զորս ան պատասխանեց ուրախութեամբ, ապա յորդորեց աշակերտները, որ կեանքի մէջ միշտ ըլլան համարձակ, քաջ, աշխատասէր ու հայրենասէր:

Առաջնորդելով դէպի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտներուն տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ՝ յատկապէս մատուռին պատերը գեղազարդած երեք մեծադիր պաստառներուն մասին, որոնք հայոց պատմութեան ազգային կարեւոր դրուագները կը ներկայացնէին, ինչպէս՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունումը իբրեւ պետական կրօն (301), հայ Գիրերու Գիւտը (405) եւ հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած Վարդանանց պատերազմը (451):

Close Menu

Categories