Skip to main content
search
Uncategorized

Ազգ. Ռ. Եւ Ա. Փիլիպոս Վրժ.Ի Երկրորդական Կարգի Շրջանաւարտներու Հանդէսին – «Երախտագիտութիւնը Ինքնութիւն Կերտող Առաքինութիւն Է», Պատգամեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

By June 13, 2025No Comments

Կիրակի, 8 Յունիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 2-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի աւարտական 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ վարժարանի մարզադաշտին մէջ, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Գալուստ Ակոբեանի, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մեծ ընտանիքի ու համայնքային կեանքի ներկայացուցիչներու, ծնողներու, հարազատներու, բարեկամներու, բարերարներու եւ հրաւիրեալներու:

Շրջանաւարտներուն ուղղելով իր առաջնորդական պատգամը՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր գնահատականը յայտնեց պարզուած երեւոյթին առիթով, ապա ներկաներուն անունով շնորհաւորելէ ետք բոլոր շրջանաւարտները, ըսաւ. «Այս հանդէսը համայնքի բոլոր շերտերը ի մի խմբող հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթ է եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ բոլորիս, որովհետեւ այսօր, սիրելի՛ աշակերտներ, դուք հոս գտնուելով արդէն իսկ ձեր երախտագիտութիւնը կը յայտնէք բոլոր անոնց, որոնք ձեր ընտանեկան յարկէն ետք եղան ձեր հոգիին, մտքին ու նկարագիրին մշակները, ձեր դպրոցական բոլոր տարիներուն: Իսկ հիմա, երբ ձեր կեանքի առաջին մեծ հանգրուանը բոլորած էք իբրեւ աշակերտ, մինչեւ օրս ձեր վրայ թափուած բոլոր տեսակի ճիգ ու հոգատարութիւն ահա՛ ձեր շրջանաւարտութեամբ է, որ կը հատուցէք, այսինքն՝ հոս գտնուելով, դուք ձեր երախտապարտ կեցուածքն է, որ կը ցուցաբերէք ձեր ծնողներուն, հարազատներուն, ուսուցիչներուն ու այս վարժարանի բոլոր տարրերուն եւ այս կեցուածքով դուք ցոյց կու տաք ձեր ինքնութիւնը կերտող ա՛յն բացառիկ առաքինութիւնը, որ կը կոչուի երախտապարտութիւն»:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտառուչ պատգամը ամբողջացուց հետեւեալ թելադրանքով. «Ձեր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ եւս շարունակեցէ՛ք մնալ երախտապարտ ձեր այս օրուան, որովհետեւ մեր Ազգային վարժարանները հայ աշակերտները դէպի նոր բարձունքներ մղող անզուգական հարթակներ են, եւ այնքան ատեն, որ դուք չէք մոռնար ձեր վարժարանը եւ երախտապարտ կը մնաք անոր, դուք չէ՛ք մոռնար նաեւ ձեր ինքնութիւնը, որ կերտուեցաւ հո՛ս, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի ֆիզիքական եւ հոգեկան այս ամբողջական համալիրին մէջ»:

Գնահատելէ ետք նաեւ վարժարանի բոլոր տարրերուն աշխատանքներն ու բերած նպաստը համայնքային կեանքի վերելքին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս հայրական իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը փոխանցեց շրջանաւարտներուն, ապա իր ձեռամբ անոնց մատուցեց արժանի վկայականներ:

Close Menu

Categories