«ՍԻՐԵՑԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ»,
ԸՍԱՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021, առաւօտեան ժամը 11ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի վերջին կարգի 79 աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանի պաշտօնէութիւնն ու ուսուցչական կազմը ներկայացնող պատասխանատուներու:
Հայ նորահաս սերունդի տղաքն ու աղջիկները նախ բոլորուեցան շուրջը Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ՝ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին, ապա, ըստ տարիներու աւանդութեան, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին զոհերու անմեռ ոգիին՝ թարմ ծաղիկներ զետեղելով յուշակոթողին առջեւ: Վարժարանի աշակերտութեան անունով սրտի խօսքեր փոխանցեցին պարման աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ, որոնց արտայայտութիւններուն ի լուր Եղեռնի յուշարձանը շնչաւորուեցաւ եւ դարձաւ Սփիւռքի մէջ վերագտնուած փոքրիկ Արեւմտահայաստան, յատկապէս երբ պատգամաբեր աշակերտները զուլալ հայերէնով մը բոլոր դասընկերներուն անունով նորոգեցին իրենց ուխտը՝ նահատակներու աւանդ թողած ազգային արժէքները բարձր պահելու եւ հայկական ինքնութեան ու մշակոյթին միշտ տէրը մնալու առումով: Խօսքերու աւարտին անոնք նաեւ աշակերտական մակարդակի գողտրիկ յուշանուէրներ յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, անոր մաղթելով արեւշատութիւն եւ անխափան ծառայութիւն ազգաշէն իր առաքելութեան մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սրտառուչ այս պահը ողջունեց՝ բարձր գնահատելով Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողները, գլխաւոր բարերարն ու բարերարները եւ այս առիթով աշակերտներուն բաժնեց փայտեայ խաչակիր օրհնուած ապարանջաններ եւ օրուան խորհուրդը ցոլացնող՝ «Ուրացուած Ցեղասպանութիւն՝ Կրկնուած Ցեղասպանութիւն» անգլերէն խօսքը կրող կրծքասեղներ՝ ըսելով. «Թանկագին աշակերտներ, այսօր դուք կոչուած էք ամէնէն աւելի սիրելու երեք բան. առաջինը՝ Հայաստանը, որ ձեր սիրոյն պէտք ունի հզօրանալու համար, որովհետեւ՝ սիրելով Հայաստանը դուք ձեր ուշադրութիւնն ու կարելիութիւնները պիտի նուիրէք մեր հայրենիքին եւ պիտի զօրացնէք զայն ձեր ուժերով նաեւ, երկրորդ՝ հայոց լեզուն, որ մեր ազգին ու բոլորիս ինքնութեան մաս կը կազմէ, հետեւաբար, սիրելով մեր լեզուն, դուք պիտի շարունակէք հայերէն խօսիլ եւ խօսելով հայերէն՝ դուք նոր կեանք ու շունչ պիտի տաք մեր մայրենիին, որպէսզի հայոց լեզուն շարունակէ ապրիլ ձեր եւ ձեր յաջորդներուն կեանքին մէջ եւ երրորդ՝ դուք հրաւիրուած էք սիրելու հայ մարդը, որովհետեւ հայ մը չի կրնար չսիրել ուրիշ հայ մը, այսինքն՝ մենք բոլորս պէտք է զիրար սիրենք, քով-քովի գանք, ձեռք-ձեռքի բռնենք, իրարու համար աղօթենք, իրարու հետ աշխատինք եւ զիրար միշտ վեր բարձրացնենք, որպէսզի բոլորս միասին լաւ տեղ հասնինք եւ մեզի հետ հայ ազգը տանինք դէպի աւելի լաւ կեանք, աւելի գեղեցիկ ապագայ: Մէկ խօսքով՝ մեր կեանքին մէջ մի՛շտ սիրենք Հայաստանը, հայոց լեզուն եւ հայ մարդը եւ սիրենք այս երեք սրբութիւնները մէկ ու միացեալ ամբողջութիւն որպէս»:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր թելադրանքով աշակերտները իրենց աջ ձեռքին անցուցին օրհնուած ապարանջանները եւ աջ բազուկները վեր բարձրացուցած՝ յանուն հայ ժողովուրդին եւ յանուն Հայոց բանակին Աստուծմէ ուժ խնդրեցին, իրենց եւ համայն հայութեան բազուկներուն համար: