Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի Կրթանպաստի Ֆոնտի Հաստատումը

By June 11, 2020June 3rd, 2024No Comments

Ինչպէս գիտէք Արեւմտեան Թեմի Ազգային մեր վարժարանները, իրենց աւելի քան կէս դարու հպարտառիթ ու արգասաբեր երթը՝ այս տարի եւս անխափան ընթացքով շարունակեցին ու պսակաձեւ ժահրի ծանր պայմանները յաղթահարելով, հեզասահօրէն անցան առցանց դրութեան ու ահաւասիկ նոր նուաճում մը եւս արձանագրելով հասած են կրթական 2019-2020 տարեշրջանի աւարտին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յատուկ պատգամով մը իր ջերմագին շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները փոխանցած էր մեր բոլոր շրջանաւարտներուն։ Այս առիթով, Ազգ. Վարչութիւնն ու Խնամակալ Մարմինը եւս կը շնորհաւորեն մեր շրջանաւարտները, ու բարի երթ կը մաղթեն յատկապէս երկրորդական կարգէն շրջանաւարտ մեր 128 աշակերտ աշակերտուհիներուն, որոնք հայ ոգիով ու դաստիարակութեամբ թրծուած ու իբրեւ պարկեշտ քաղաքացիներ պատրաստուած կը մտնեն կեանքի դաշտ։

Յայտնենք նաեւ, թէ պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով ստեղծուած տագնապը թեթեւցնելու եւ յառաջիկայ տարեշրջանը լաւագոյնս դիմաւորելու պայմաններ ընձեռելու նպատակով, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը՝ համախորհուրդ Ազգ. Վարչութեան հետ, կեանքի կոչած է կրթանպաստի հիմնադրամ մը, որ կը նպատակադրէ օժանդակել հայ ընտանիքներուն՝ մեր սիրասուն աշակերտները չզրկելու հայ կրթօճախի ջերմութենէն ու հոգեհարազատ մթնոլորտէն։

Նուիրաբերելու համար՝ հաճեցէք այցելել Խնամակալ Մարմինի կայքէջը.- www.prelacyschools.org

Close Menu

Categories