Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի հայկական ակումբի աշակերտներուն, որոնք Թարգմանչաց տօնին առիթով հետիոտն եկած էին Ազգային Առաջնորդարան, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի եւ դաստիարակներու:
Մշակոյթի ամսուան առիթով, Շամլեան վարժարանի աշակերտները Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահի մէջ ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր եւ հանդէս եկան ասմունքով, հայկական պարով, դաշնամուրի վրայ նուագով եւ սրտի խօսքերով, որոնք մեծապէս գնահատուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ:
Այնուհետեւ, իրենց մտայղացումով պատրաստուած՝ աշակերտները Արցախի խորհրդանիշը կրող շապիկ մը նուիրեցին Առաջնորդ Սրբազանին, միաժամանակ իրենց ջերմագին բարեմաղթութիւնները փոխանցելով անոր:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց աշակերտները եւ յատուկ դրուատանքի արժանացուց մայրենի լեզուով ու ճշգրիտ առոգանութեամբ անոնց ելոյթներն ու Թարգմանչաց տօնին առիթով Ազգային Առաջնորդարան անոնց այցելութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ անոնց թելադրեց անաղարտ պահել մայրենին, հայերէնով ապրիլ ու հայերէնով զարմացնել շրջապատը, ինչպէս նաեւ յարգանք տածել ազգային, կրօնական եւ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով այցելու աշակերտներուն նուիրեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Գոյնզգոյն» հատորէն օրինակներ, Անթիլիասի Մայրավանքէն նոր ստացուած վիզի փայտեայ խաչեր եւ զանոնք յորդորեց յաճախակի այցելել Ազգային Առաջնորդարան: