Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 60-Ամեակի Նշումը Սլացք՝ Դէպի Առաւել Ընդարձակում Եւ Բարգաւաճում – Երեք Միլիոն Տոլար՝ Ի Նպաստ Կրթական Նոր Ծրագիրներու

By March 28, 2025No Comments

Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք Խաչերեան, նախագահեց Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձի ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Beverly Hilton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 600 հիւրերու:

Ներկաներու շարքին էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը, փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ Տիկինը, դիւանապետուհին, եւ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչը: Հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու անդամներ, վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ, հին եւ նոր կրթական մշակներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, շրջանաւարտներ, աշակերտներ եւ կամաւոր ծառայողներ:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ընթացք առաւ ընկերային ժամի աւարտին: Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, կատարեց բացման աղօթք եւ օրհնեց սեղանները, ապա օրուան հանդիսավար՝ վարժարանի նախկին շրջանաւարտ Տիար Հայկ Պոյաճեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, մինչ աշակերտուհիներ՝ Արենի Էքմէքճեան, Տէյզի Գալայճեան եւ Քրիսթըլ Գոճաօղլանեան, գերազանց կատարողութեամբ եւ առանձինն՝ յաջորդաբար երգեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի քայլերգները:

Այնուհետեւ, սրտի խօսքով հանդէս եկան 60-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ՝ Տիար Ալեքս Պէյլերեան եւ Դոկտ. Տիկին Սարին Սորֆազեան, Ուսումնական մարմինի անունով խօսք առաւ ատենապետ՝ Տիար Վահէ Պէնլեան, որ նշեց, թէ իւրաքանչիւր վարժարան ունի իր պատմութիւնը, եւ այս վարժարանի պատմութիւնը սկսած է ազգանուէր եւ կրթանուէր հայորդիներու երազով ու հրայրքով, այլեւ անձնուէր ու անվերապահ նուիրումով, որոնք երազը վերածելով իրականութեան, յաջորդական սերունդներու կողմէ քալած են ու կը քալեն իրագործումէ իրագործում:

Յոբելեար վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, փոխանցեց իր խօսքը, որ աւելի եւս ոգեւորեց ներկաները, ի լուր՝ թէեւ 60 տարեկան, սակայն երիտասարդական աւիւնով շնչող այս դպրոցի պատասխանատու մարմիններու հաստատ յանձնառութեան, թէ կը մնան տէրը իրենց առաքելութեան, կրթական այս կառոյցի ոչ միայն շարունակականութիւնը ապահովելու, այլեւ զայն նորանոր բարձունքներու հասցնելու առումով:

Իր խօսքի աւարտին, Տիկին Շանլեան բեմ հրաւիրեց Ֆերահեան վարժարանի անցեալ տարիներու Երկրորդական բաժնի, իսկ ներկայիս՝ Մարի Գապայեան նախակրթարանի շուրջ 25 տարիներու տնօրէնութեան վաստակ ունեցող Տիար Ժան Գոսագեանը, ապա Ս. Նահատակաց ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուր-մանկապարտէզի առաջին օրէն շուրջ 35 տարիներ մինչեւ օրս վարիչ՝ Օրդ. Վեհիկ Գաբրիէլեանը եւ անոնց յանձնեց յատուկ յուշանուէր:

“Memories, Milestones, Momentum” խորագրեալ տեսերիզի ցուցադրութեամբ սրահը լեցուեցաւ վարժարանի 60-ամեայ կեանքէն փրցուած պատումներով, աշակերտներու եւ պատասխանատուներու ջերմ խօսքերով, ինչպէս նաեւ հայկական այս ամրոցի ազգային եւ կրթական համապարփակ գործունէութեան առթած հպարտառիթ պատառիկներով, որոնք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ ներկաներուն սրտերը բորբոքեցին անցեալի քաղցր յուշերով եւ ներկայի ջերմութեամբ:

Ապա, իբրեւ գնահատանքի գործնական արտայայտութիւն, վարժարանի երկու համալիրներու ընդարձակման եւ բարեզարդման յոյժ կարեւոր ծրագիրներուն իրենց իշխանական եւ կամ պատկառելի նուիրատութիւններով սատար հանդիսացած բարերարներ՝ Քէօսէեան ընտանիքի, Թօփալեան ընտանիքի, (ի յիշատակ իրենց ծնողաց՝ Ներսէս եւ Աղաւնի Թօփալեաններու), Պէնլեան եղբայրներու, Ղեւոնդեան ընտանիքի (ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր՝ Մասիս Ղեւոնդեանի), այլեւ Վահէ եւ Լուսի Ֆաթթալ հիմնարկի ներկայացուցիչներ, Մարի Գապայեան նախակրթարանի հիմնադիր՝ Տէր եւ Տիկին Տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեան եւ Տիկին Սոնա Թուլումճեան եւ զաւակները, յաջորդաբար հրաւիրուեցան բեմ եւ մեծարուեցան շնորհակալութեան ծափողջոյններով ու գնահատանքի յուշանուէրներով:

Շքեղ երեկոյթի պաշտօնական բաժինը եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ առաջին հերթին երախտագիտական ցնծագին ոգիով անդրադարձաւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 60-ամեայ յաղթական երթին եւ հայ սփիւռքի տարածքին այս վարժարանի ներկայացուցած իւրայատուկ նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ տասնամեակներու աւանդութիւն եղած է, որ այս կրթական օճախի գրեթէ բոլոր կարգերէն անցած իւրաքանչիւր շրջանաւարտ, ամբողջ իր կեանքը սերտ կապի մէջ կը մնայ իր վարժարանին հետ, նախ՝ իբրեւ աշակերտ ու շրջանաւարտ, ապա իբրեւ մասնագիտութեան տէր ծնող, հայր կամ մայր, այլեւ մեծ հայր կամ մեծ մայր կամ զօրակից, որովհետեւ, ինչպէս որ հիմնադիր սերունդը՝ Արեւմտեան ափերուն հայկական առաջին այս օճախի բարգաւաճման ու թուային աճումը եւ տարածքային ընդարձակման տեսիլքը իր օրին փայփայած էր, ապա ոգի ի բռին աշխատանք տարած, որ երազանքը իրականութեան վերածուի, այնպէս ալ՝ հետագայ սերունդները, նոյնը նաեւ դուք բոլորդ, որպէսզի այսօր մենք ունենանք աւելի մեծ ու գեղեցիկ ազգային կրթական համալիր, ուր գիրկ պիտի գտնեն մեծաթիւ նոր աշակերտներ՝ ներկայիս սպասման ցուցակի վրայ, այլեւ ուժեղ հայ համայնք: Հպարտառիթ է նաեւ, որ ներկայ տուեալներով այս վարժարանի աշակերտական թիւի կտրուկ եւ աննախադէպ աճը զայն կը դարձնէ անգերազանցելի՝ համայն սփիւռքի կեանքին մէջ:

Անդրադառնալով նաեւ իր ընտրութեան առաջին օրերուն իսկ Արեւմտեան Թեմի՝ «բարերար թեմ» իր յորջորջման, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ բարձր գնահատանքով եւ սրտագին շնորհաւորանքներով գնահատեց համայնքի հոգեւոր, ազգային եւ կրթական կեանքի բոլոր պատասխանատուներն ու ներկայ հանրութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ տակաւին հեռուներէն, այս Թեմին անունին կապուած՝ լսած էր համազգային բարեգործութեանց յոյժ գնահատելի եւ ողջունելի լուրեր, իսկ ներկայիս՝ Թեմի Հոգեւոր առաջնորդը ըլլալով, ուրախութեամբ կը նկատէ, որ «բարերար» այս Թեմը ոչ միայն համահայկական, այլեւ Թեմի շրջածիրին մէջ եւս կը կատարէ հրաշքներ, ինչպէս անցնող օրերուն՝ ծխական քանի մը վարժարաններու յոբելենական տարեդարձները եւ ներկայի այս տօնակատարութիւնը ցոյց կու տան, որ մեր ազգային կրթօճախները նման հոծ բազմութեանց զօրակցութիւնը ունին իրենց շրջաններուն մէջ, ինչ որ խիստ գնահատելի երեւոյթ է եւ «դպրոցաշէն ու դպրոցասէր» մեր ժողովուրդի նկարագիրը կը բացայայտէ:

Իբրեւ վերջաբան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց. «Միայն կառուցելը չէ, այլ կառուցուածը պահել, ընդարձակել եւ նորովի բարգաւաճեցնելով հայութեան մատղաշ ու երիտասարդ սերունդները վաղը եւս ազգի ածուին մէջ պահելու յարատեւ այս ճիգն է, որ մեզ միացեալ, հզօր եւ ապագայատեսիլ կը դարձնէ եւ մղում կու տայ մեր աշխատանքներուն»:

Այս պատմական առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը յղած էր Հայրապետական Օրհնութեան Գիր, զոր Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց՝ բազմահարիւր յոտնկայս ներկաներուն:

Յայտնենք, որ պաշտօնական խօսքերէ ետք ընթացք առաւ խրախճանքը: Յոբելենական այս հանդիսութեան առիթով հանգանակուեցաւ 3 միլիոն տոլար:

Close Menu

Categories