Skip to main content
search

«Ահա Կոյսը Պիտի Յղանայ Եւ Որդի Մը Ծնի,
Եւ Զայն Պիտի Կոչեն Էմմանուէլ» (Եսայի 7.14)
(Որ Կը Նշանակէ՝ «Աստուած Մեզի Հետ»)

Դարձեալ Ամանոր է: Շուտով ամբողջ աշխարհը կը դիմաւորէ 2026 Նոր Տարին, որ համայն մարդկութեան կը բերէ գոյնզգոյն լոյսերով պարուրուած տեսակ-տեսակ տօնածառ ու խաղալիքներ, մանուկներու զրնգուն երգեր, նուէրներ, քաղցրաւենիք, մարդկային ու ընտանեկան ջերմութիւն, այլեւ աշխարհի բոլոր ծագերուն կը սփռէ ցնծութիւն:

Այս ուրախ տրամադրութեան մէջ է, որ Հայ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, Հայաստան եւ Սփիւռք, Յունուար 6-ին կը դիմաւորէ ո՛չ թէ ժամանակաւոր, այլ՝ յաւիտենակա՛ն ցնծութեան ստեղծիչ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը:

Տօն, որ մեզ բոլորս կը հրաւիրէ մեր Արարիչ Աստուծոյ հետ հանդիպման խորհուրդը աւելի խոր զգալու եւ հասկնալու, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան ընծայուած մշտնջենական ուրախութեան աղբիւրը՝ «Էմմանուէլ»ը, գործէ մեր կեանքին մէջ: «Էմմանուէլ», այսինքն՝ «Աստուած մեզի հետ», որ Եսայի մարգարէի արձանագրութեամբ՝ իբրեւ աստուածային պատգամ փոխանցուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամին, որպէսզի Աստուծոյ Միածին որդին աշխարհ գայ եւ մահուան ճիրաններէն փրկէ մարդկութիւնը:

Արդարեւ, երբ «Աստուած մեզի հետ» է, ի՞նչ բան կրնայ մեզ վախցնել այս աշխարհի մէջ, մանաւանդ որ Աստուծոյ հետ ըլլալով՝ մենք հոգեւոր աճ կ՛արձանագրենք եւ հետզհետէ կը խաղաղինք հոգեպէս, ապա կը սկսինք յաւիտենական ուրախութեան բարիքները վայելել մեր կեանքին մէջ:

«Աստուած մեզի հետ»: Այսինքն՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօն, որ մեզ բոլորս նաեւ կը գօտեպնդէ ընկերային գետնի վրայ՝ մեզ լեցնելով կեանքի նկատմամբ լաւատեսութեամբ, որպէսզի անհոգ ու խաղաղ ապրինք մեր երկրային այս կեանքը, որպէսզի լուսաւոր օրերու ձգտումով վարենք մեր գործերը եւ իբրեւ մարդկային ընկերութեան անդամ՝ բարին ցանկանք մեր նմաններուն, աստուածահաճոյ վերաբերում ցոյց տանք մեզմէ տկարին, հիւանդին, մանուկներուն, տարեցներուն, կարիքաւորներուն եւ մանաւանդ կեանքէն դառնացած մեր եղբայր-քոյրերուն:

Երբ «Աստուած մեզի հետ է», հաւատացէ՛ք սիրելիներ, մենք կ՛ըլլանք աւելի՛ զգօն, մեր հոգիները աւելի ե՛ւս կը լեցուին լոյսով ու յոյսով դէպի կեանքն այս եւ օրերը գալիք, մեր մէջ հաւատքը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի դէպի բարին ու բարեպաշտականը, իսկ մեր քայլերը մենք կը նետենք բարի ճամբաներու մէջ միայն, մեր երկնային Տիրոջ առաջնորդութեամբ կ՛ընթանանք աւելի համարձակ ու քաջ քայլերով եւ մեր գործերը կը վարենք Աստուծոյ կամքին ապաւինելով, միշտ լեցուած այն վստահութեամբ, որ Աստուած մեզի հետ է եւ Ի՛նք պիտի օգնէ մեզի, որ մենք ճի՛շդ խօսինք, մեր գործերը ճի՛շդ կատարենք եւ մեր յարաբերութիւնները աշխարհի ու մարդոց հետ ճի՛շդ եղանակով դասաւորենք՝ հեռու նախանձի, կիրքի, բարկութեան եւ անյաջողութեան տեսարաններէ:

Մէկ խօսքով, երբ «Աստուած մեզի հետ» է, Ան միակ եւ ամենակատարեալ բրուտն է, որ մեզ իբրեւ կաւ կը շաղէ ու կը ձեւաւորէ, մեր կեանքը կը լեցնէ երկնային շնորհներով ու պարգեւներով, որպէսզի անցողիկ կեանքէն եկած որեւէ տեսակի խոչընդոտ կամ փոթորիկ, հարուած կամ ծանր պատահար, փորձանքներ ու չարիքներ երբե՛ք չկարենան ընկճել մեզ եւ մեր կաւէ էութիւնը փշրել, կամ ի սպառ տապալել մեր ինքնութիւնը:

Այո՛, սիրելիներ, երբ «Աստուած մեզի հետ» է, իրապէս որ մենք չարիքը յաղթահարելու ուժ կ՛ունենանք մեր մէջ, կը դիմանանք, կը տոկանք եւ Աստուծոյ ապաւինած՝ մենք նախկինէն աւելի՛ ամուր կը վերականգնինք ու կը դառնանք բարի օրինակ՝ Աստուծոյ օգնականութեամբ մեր յաղթական վերականգնումը ցոյց տալու աշխարհին ու մարդոց, որպէսզի մեր նմանները եւս հաւատան՝ խոնարհ մսուրի մէջ աշխարհ եկած մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի աստուածային էութեան ու յայտնութեան, այլեւ Անոր հրաշագործ զօրութեան ու փրկարար դերին եւ ընդունին Յիսուս Քրիստոսը՝ իբրեւ իրենց կեանքին լոյսը, յոյսը, առաջնորդն ու գերագոյն սէրը:

Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս տօնին, մենք բոլորս հրաւիրուած ենք հոգեպէս այլափոխուելու, աղօթքով ու փառաբանութեամբ աւելի՛ ու աւելի՛ մօտենալու երկնքի բարիքներուն եւ «Էմմանուէլ» աւետիսի առաջնորդութեամբ քալելու դէպի հոգեկան բաւարարութիւն ու ցնծութեամբ լեցուն բարգաւաճ եւ նպատակասլաց կեանք, որպէսզի իրապէ՛ս արժանանանք Յիսուս Քրիստոսի քոյրերն ու եղբայրները կոչուելու շնորհալի պատիւին: Հաւատանք մանաւանդ, որ այս երկրային կեանքէն անդին՝ մենք Աստուծոյ ներկայութեան երջանկութիւնը պիտի վայելենք անդենականի յաւիտենութեան մէջ: Ահա ա՛յս է խորհուրդը երկրի վրայ ամէն տարի յիշատակուող Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս մեծ տօնին:

Քրիստոնէական ամենաջերմ սիրով կ՛ողջունենք Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը, մեր բոլոր ծխական համայնքները, Հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնները, Տիկնանց միութիւնները, սարկաւագներն ու դպրաց դասի անդամները, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր վարժարանները, Խնամակալ մարմինն ու Ուսումնական մարմինները, ուսուցիչ-դաստիարակները, մամլոյ մշակները, ազգային գործիչները, մեր բարեկամներն ու բարերարները եւ մեր ազնիւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները՝ մաղթելով, որ Նոր՝ 2026 Տարին, հաստատուն կերպով նորոգէ մեզ մեր հաւատքին մէջ եւ սիրոյ, յոյսի ու փրկութեան նոր ու երկնային անմար ջահեր վառէ մեր բոլորին կեանքին ու հոգիներուն մէջ: Ամէն:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝
Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ
Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Close Menu

Categories