Հայոց Եկեղեցին 28 Փետրուար 2021ին նշեց «Անառակի Կիրակի»ն: Ըլլալով Փետրուար ամսուան վերջին Կիրակին եւ ըստ աւանդութեան, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի տնօրինումով եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով՝ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Հայ Օգնութեան միութեան ննջեցեալ անդամներու եւ բարերարներու հոգւոցն խաղաղութեան համար: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի իր քարոզը խարսխեց Անառակ Որդիի առակին եւ երկրորդ հարիւրամեակ թեւակոխած ՀՕՄի ազգային ու համահայկական գործունէութեան վրայ: Հոգեհանգիստ կարդացուեցաւ նաեւ տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութենէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներու հոգւոցն: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան ՀՕՄի Շրջանային, «Անահիտ», «Լոռի», «Մարօ» մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ կոմիտէութեան անդամներ:
Անառակ Որդիի առակին հակիրճ պատումը կատարելէ ետք, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեամբ, եթէ աւետարաններուն մէջ տեղ գտած Քրիստոսի բոլոր խօսածները, պատգամներն ու հրաշքներու պատումը կորսուէին, «ապա Անառակ Որդիին առակը պիտի բաւէր, որ Քրիստոնէութիւնը դա՛րձեալ տարածուէր աշխարհի վրայ, որովհետեւ առակը ինքնին աւետարան մըն է եւ կրօնքին ո՛ւժը ունի իր մէջ»: Նշելով, որ ամէն մարդ իր կեանքին ընթացքին միտքով, խիղճով կամ գործով օր մը եղած է անառակ որդի, բայց շնորհիւ Երկնաւոր Հօր բարութեան եւ ներողամտութեան, անոր շնորհուած է դարձեա՛լ Աստուծոյ զաւակը ըլլալու առիթ, երբ գիտակցած է իր գործած սխալին ու դարձի եկած, «որովհետեւ Աստուծմով մաքսաւորը կ՛արդարանայ, մեղաւորը քարոզիչ կը դառնայ, Քրիստոս հալածողը Զայն տարածողը կ՛ըլլայ», շեշտեց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով, որ արդարացուածը պէտք է զգուշ ըլլայ եւ այլեւս չվերադառնայ մեղքի կեանք, «որպէսզի չչարաշահենք զԱստուած, որ ընդունեց մեզ, եւ մենք չամչնանք մեր Տիրոջ առջեւ, Անոր բարութիւնը չարաչար օգտագործած ըլլալնուս համար»:
Պատգամի երկրորդ բաժինով քարոզիչ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Հայ Օգնութեան միութեան պատմական առաքելութիւնը՝ ըսելով, որ «ՀՕՄը կանացի այն բանակն է, որ իր ուժով, մտածումով ու ծառայութեամբ եզակի տեղ կը գրաւէ մեր ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ: Դար մը եւ աւելի իր ազգօգուտ եւ հայրենանուէր գործունէութեամբ ՀՕՄը ինքզինք իրագործեց, պատիւ շահեցաւ, վաստակ ձեռք բերաւ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ գործել Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններէն մինչեւ Միջին Արեւելեան գաղութներ ու Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք՝ իբրեւ համաժողովրդեան միացեալ ձեռք մը, որ ե՛ւ կը գուրգուրայ որբին ու անտէրին, ե՛ւ կը նուիրէ զրկուածին, վիրաւորին ու աղէտեալին, ե՛ւ միջոցներ կը տրամադրէ կարիքաւոր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը եւ դառնան ազգին ու հայրենիքին պիտանի մարդեր»:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին Սրբազան Հօր առաջնոր-դութեամբ եկեղեցական թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր օրհնուեցաւ մատաղը եւ իրարու ետեւէ երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը, ՀՕՄի քայլերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը: