Շաբաթ, 18 Յունուար 2020-ին, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան յատուկ արարողութիւնը, նուիրուած արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներու յիշատակին։ Ս. Պատարագ մատուցանեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզ:
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, արարողութեան ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մոմավառութեան հոգեպարար արարողութիւնը։