Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Կեդրոն

By April 18, 2025No Comments

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան կեդրոն, ընդառաջելով անոր վարչութեան հրաւէրին։ Ներկայ էին նաեւ Դպրեվանքի նախկին սաներէն՝ Հրայր Կարապետեան եւ հաւատացեալներ։

Ատենապետ Եղբայր Աւօ Քապաքչուզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, կատարուեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց, որուն մէջ շեշտեց պահեցողութեան շրջանի կարեւորութեան մասին, որուն ընթացքին հաւատացեալը ինքզինք կը քննէ, կ՚ապշախարէ եւ «դարձ առ Աստուած» ճանապարհորդութեան մէջ կը մտնէ։ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ պահքի եօթշաբաթեայ ոսկեշղթան ունի աստուածաշնչական հիմք՝ սկսելով մարդու անկումէն, հասնելով Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւն։ Գնահատելով Եղբայրակցութեան Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին, աստուածաբանութեան ու աւանդութեան կապուածութիւնը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յորդորեց հոգեւոր երգերու կողքին նաեւ տեղ տալ Հայ Եկեղեցւոյ բազմադարեայ գեղեցկահիւս շարականներուն։

Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ վարչութեան կողմէ պատրաստուած «Սիրոյ սեղան»ին։

Close Menu

Categories