Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Բացումը Կատարեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Վերանորոգուած Գլխաւոր Սրահին

By February 3, 2022June 5th, 2024No Comments

Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանի, միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ուր ան հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին, որ ժամանակէ մը ի վեր կը գտնուէր նորոգութեան մէջ:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7-ին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղւոյն Ազգ. երեսփոխաններուն, Հոգաբարձական կազմին, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի ընկերակցութեամբ մուտք գործեց սրահ եւ հատեց ժապաւէնը, կատարեց օրհնութեան յատուկ կարգ եւ այս առիթով բարձր գնահատանքի եւ յոյժ քաջալերանքի խօսքեր արտասանեց՝ ուղղուած բոլոր նուիրեալներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնք անդուլ աշխատեցան, որպէսզի ի կատար ածեն եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահի վերանորոգութեան աշխատանքները՝ ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն Ֆրեզնոյի հայ կեանքին:

Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորանքի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան տիար Տէյվիտ Սարապեան, Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան եւ տիար Պիլի Սաաթճեան, իսկ Էրըն Փառնակեան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ վերանորոգուած սրահի պատին զետեղուած Արեւ Պետրոսեանի արուեստի գործին մասին:

Close Menu

Categories