
Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Կրթական Համակարգի անդամ՝ Տիար Սքաթ Շմերըլսընի, որուն կ’ընկերանար գլխաւոր խորհրդատու՝ Տիար Միհրան Գալայճեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։
Փոխադարձ ծանօթացումէն ետք, Տիար Շմերըլսըն ներկայացուց Կրթական Համակարգի նախաձեռնած եւ իր կողմէ քաջալերած կարգ մը նոր եւ օգտաշատ ծրագիրներ հանրային վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցան հայ համայնքին հետ իր գործակցութիւնն ու յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպիսիք են հանրային վարժարաններու մէջ հայերէն-անգլերէն երկլեզու դասաւանդում եւ «Ցեղասպանութեան Պատմութեան Շաբաթ» ծրագիրը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Շմերըլսընի ծառայութիւնը կրթական ոլորտէն ներս եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքը յուզող հարցերու նկատմամբ իր աջակցութեան եւ նախաձեռնութեան համար։ Ան յաջողութիւն մաղթեց Տիար Շմերըլսընի վերընտրութեան ջանքերուն ինչպէս նաեւ անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն։