Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Լոս Անճելըս գաւառի Հաշմանդամներու Յանձնաժողովի անդամ եւ «Modern Support Services» ընկերութեան Գործադիր Տնօրէն Տիար Ճէք Տարաքճեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլ քաղաքի գրագիր Տիար Արտաշէս Քասախեանի։
Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2020-ը «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու» տարի հռչակման լոյսին տակ, Տիար Տարաքճեան եկած էր ներկայացնելու Լոս Անճելըս գաւառի յատուկ կարիք ունեցող անհատներու մատուցած ծառայութիւնները։ Հաշմանդութիւն ունեցող անհատներու կեանքը բարելաւող եւ իրենց ապագային համար օգտակարութիւն, աջակցութիւն ու ծառայութիւն մատուցող ընկերութիւն մըն է նաեւ «Modern Support Services»ը։
Առաջնորդ Սրբազանը դրուատեց հիւրին յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ յաջորդող շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին Տիար Տարաքճեան այս նախաձեռնութեան ծառայութիւնները ծանօթացնէ նաեւ մեր համայնքին՝ Առաջնորդարանիս եւ եկեղեցիներու միջոցաւ։
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով նաեւ իր օրհնութիւնները փոխանցեց Տիար Քասախեանին, որ թեկնածուներէն է 3 Մարտին կայանալիք Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան։