Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան ընդունեց Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Վանիա Պապիկեանի, որոնք pաշխատանքային այցելութեամբ ժամանած էին Ազգ. Առաջնորդարան՝ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին խնդրամատոյց ըլլալու, որ ներկայ ըլլայ իր իսկ հովանաւորութիւնը վայելով Համբարձման տօնի Սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան:
Հանդիպման ընթացքին Տիկինները նաեւ բացատրութիւններ տուին ձեռնարկի բնոյթին, կազմակերպման աշխատանքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ շուտով Մարմինը պաշտօնական այցելութեամբ աւելի համապարփակ կը ներկայացնէ իր գործունէութեան դաշտերն ու ծրագիրները:
Յայտնենք, որ տօնակատարութեան ընթացքին նաեւ պիտի պարգեւատրուին Արեւմտեան Թեմի շարք մը Տիկիններ: Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Legacy Banquet Hall, Կլենտէյլ: Տոմսերը սպառած են: