– «ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ՅՈՒՍԱԼ, ՈՐ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆԸ ՄԻՆՉԵՒ ԸՆԹԱՑԻԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ԿԷՍԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Կ՚ԸԼԼԱՅ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՕԾՈՒՄԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ՝ ՁԵՌԱՄԲ ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ». ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի ներկայ աշխատանքներուն մէջ իրենց եզակի տեղը ունին Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կանգնման, հայկականացման նպատակով նորոգութեան համար տարուող ճիգերը, որոնք կը կիրարկուին հովանաւորութեամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, հսկողութեամբ՝ այս առիթով մասնագէտներով գոյացուած յատուկ յանձնախումբի եւ բծախնդիր հետապնդումով՝ Ազգ. բարերար Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլի, քաջալերանքով՝ մեր ազնիւ բարերարներու եւ բարեսէր ժողովրդեան:
Յայտնենք, որ այս ծիրէն ներս, Առաջնորդ Սրբազանը մնայուն կերպով կ՚այցելէ նշեալ վայրը եւ մօտէն կը հետեւի տարուած աշխատանքներուն: