Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազանը Յատուկ Հանդիպման Մը Հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Ազգային Պատգամաւորները

By December 5, 2022May 30th, 2024No Comments

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռոյ կեդրոն՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, 7-էն 9 Դեկտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր ժողով: Շուրջ չորս տարին անգամ մը գումարուող Հայրապետական Աթոռոյ օրէնսդիր բարձրագոյն այս ժողովին մասնակցելու նպատակով՝ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուն գումարուած Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը ընտրեց 15 անդամ եւ 3 փոխ-անդամ:

Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 15 Նոյեմեբեր 2022-ի երեկոյեան, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան խորհրդակցական հանդիպումի մը հրաւիրեց Ազգ. պատգամաւորները, որոնք Առաջնորդարանի Սիւլահեան դահլիճին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոսի հետ ծաւալեցին զրոյց, միասնաբար արծարծեցին շարք մը մտածումներ, Առաջնորդ Սրբազանէն ստացան անհրաժեշտ ուղղութիւններ Ընդհ. Ժողովի բնոյթին եւ այլ մանրամասնութեանց գծով, առ ի պատրաստութիւն մեկնելու Անթիլիաս:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը՝ Առաջնորդ Սրբազանով, Կրօնական ժողովով, Ազգային վարչութեամբ եւ Ազգ. պատգամաւորներով իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայանպաստ եւ եկեղեցաշէն բոլոր ծրագիրներուն, միաժամանակ Նորին Սրբութեան մաղթելով քաջառողջ, կանաչազարդ բազում տարիներ, որպէսզի ընդ երկայն աւուրս շարունակէ իր իմաստուն առաջնորդութեամբ ղեկավարել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Աթոռը եւ մերազն ժողովուրդը, սիրել-յուսալով եւ ամուր-հաւատալով, որ Ազգ. Ընդհանուր ժողովը Հայրապետական Աթոռին ու անոր բոլոր Թեմերուն վերակազմակերպման նոր խթան կը հանդիսանայ եւ գործունէութեան լայն դաշտեր կը բանայ յանուն համահայկական արժէքներու վերականգնման:

Close Menu

Categories