Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Ազգ. «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» միջնակարգ վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում, որուն ընթացքին վկայական ստացան 79 շրջանաւարտ աշակերտներ, ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի:
Այս առիթով կազմակերպուած հանդէսին յաջորդաբար խօսք առին ուսուցչուհիներ, որոնք անդրադարձան վարժարանի առաքելութեան, դրուատեցին աշակերտութեան ջանասիրութիւնն ու գնահատեցին մրցանակակիրները եւ աւելի բարձր վկայականներու արժանանալու բարեմաղթութիւններ կատարեցին: Գնահատանքի իր սրտագին խօսքը արտասանեց նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան եւ շնորհաւորեց 2020-2021 տարեշրջանի մատղաշ շրջանաւարտներու հունձքը, ապա հրաւիրեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, որ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ աշակերտի շնորհէ վկայական եւ արտասանէ իր սրտին խօսքը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ բարձր գնահատեց Ազգ. «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան»ի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ուսումնական եւ ծնողաց խորհուրդները եւ բոլոր-բոլոր նուիրեալները, որոնք մնայուն կերպով սատար կը հանդիսանան վարժարանի ամէնօրեայ վերելքին, ապա դիտել տուաւ, որ հայ դպրոցը Լոս Անճելըսի հայութեան համայնքային եւ անհատական կեանքէն ներս իր կենսալի եւ ինքնուրոյն տեղը ունի, որովհետեւ հայ դպրոցին վստահուած է շատ վեհ առաքելութիւն մը, որ մարդուն մէջ հայ մարդը կերտելն է: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց, որ Ազգ. «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» վարժարանէն ներս բազմաթիւ հայ պատանիներ առողջ եւ ամբողջական դաստիարակութիւն կը ստանան՝ շնորհիւ դպրոցին ջամբած քրիստոնէական եւ ազգային գիտելիքներուն եւ ուսումնական ծրագրին, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ պարման-պարմանուհիներուն՝ զանոնք յորդորեց ըսելով, որ ձեր պարտականութիւնն է հպարտ ըլլալ ազգային եւ հայկական պատկանելիութեամբ, ըլլալ տոկուն ձեր հաւատքին ու ձեզի վստահուած վսեմ պարտաւորութեանց մէջ, մի՛շտ ապրիլ հայօրէն՝ ի պատիւ հայ ժողովուրդի ոգեղէն արժէքներու պահպանման եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահով կեցութեան ու բարգաւաճման:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց փակման աղօթք եւ օրհնեց Շամլեան վարժարանի ընթացքը, ծրագիրներն ու մեծ ընտանիքին անդամները: