Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Միշըն Հիլզի Արարատ Տարեցներու տան Տէօքմէճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, Արարատ Տան Խնամակալ մարմինի առաջին փոխատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Վիքի Մարաշլեան եւ անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Գեղամ Սրբազան աղօթական օրհնութիւններ բաշխեց կազմակերպիչ մարմինին ու կառոյցի պատասխանատուներուն, ապա գնահատեց բոլորի աշխատանքն ու հայ տարեց ծնողներու նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը եւ արտասանեց իր սրտին խօսքը:
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին դրուատեց ՀՕՄ-ի հոգատար եւ բարեգործական առաքելութիւնը ոչ միայն Ամերիկայի այս ափին, այլեւ աշխարհի տարածքին եւ կնոջական պատկառելի այս միութեան բազմամակարդակ առաքելութիւնը նկատեց հայ կիներու դերակատարութիւնն ու արժանիքները աւելի եւս զարգացնող ողջունելի ծառայութիւն, որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր խաւերուն համար օրհնեալ ձեռք է, փոքրերուն ու տարեցներուն համար հոգածու խնամատար, ազգի բոլոր զաւակներուն համար ազնիւ քոյր ու մայր:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Արարատ Տարեցներու տան ներկայութիւնը համայնքի կեանքէն ներս եւ զայն նկատեց օրհնութիւն՝ յառաջացած տարիքի հայ մամիկ-պապիկներու ապահով միջավայր եւ բծախնդիր հոգածութիւն մատակարարելու առումով, ապա կատարեց աղօթք եւ առողջութեան ու երկարակեցութեան մաղթանքներ բաշխեց բոլորին: