Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Եւ Քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Եկեղեցւոյ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին

By May 21, 2023May 21st, 2024No Comments

Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Լա Քրեսենթա Հովիտի Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, աւուր պատշաճի քարոզեց՝ հաւատքի հզօրանքը նկատելով ամէնէն ազդու միջոցը, որպէսզի մարդ կարենայ իր նմանին ներել եօթանասունեօթը անգամ եօթը տարբեր առիթներով եւ պատճառներով, այնպէս ինչպէս կը թելադրէ Աստուածաշունչը, դիտել տուաւ ան, ապա բարեմաղթանքներով շնորհաւորեց բոլոր-բոլորին Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը:

Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալներու:

Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ յընթացս արարողութեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին` եկեղեցւոյ իր շնորհած այցելութեան եւ քարոզին համար: Յետ արարողութեան Թորգոմ Եպիսկոպոս նախագահեց այս կեանքէն բաժնուած՝ եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամներու, բարերարներու եւ բարեկամներու ի յիշատակ հոգեհանգստեան աւանդական արարողութեան, ապա ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, օրհնեց հոգեճաշն ու բարձր գնահատեց համայնքի զաւակներու ճիգն ու ներդրումը՝ շրջանին մէջ եկեղեցի ունենալու, միաժամանակ ուրախութեամբ դիտել տալով, որ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ կենսագործումով համայնական երազ մըն է, որ դարձաւ իրականութիւն եւ իր սրտագին շնորհաւորանքները փոխանցեց սրահը լեցուցած հայորդիներուն:

Close Menu

Categories