
Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան 115-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, «Reflection Venue» սրահին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր Արժ. Տ․ Մովսէս Քհնյ․ Շաննագեան։
Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ական հայուհիներու տարած հայրենանուէր գործունէութեան եւ գաղութներու մէջ իրականացուցած մարդասիրական, կրթական, ընկերային եւ այլ ծրագիրներու մասին, դիտել տալով, որ ՀՕՄ-ը անցնող 115 տարիներու ընթացքին ծառայութիւնը դարձուց իր գոյութեան նպատակն ու առաքելութեան կորիզը։ Անոր անցեալի եւ ներկայի անձնուէր անդամներն ու վարչականները ո՛չ մէկ ջանք ու ճիգ խնայած են՝ հասնելու համար տարբեր գաղութներու կարօտեալ հայ ընտանիքներուն, ուսանողին, հայրենաբնակ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, այն խոր գիտակցութեամբ, որ ժողովուրդին ծառայել՝ կը նշանակէ ծառայել եկեղեցւոյ ու հայրենիքին: Անդրդառնալով առհասարակ ՀՕՄ-ի գործունէութեանց, Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրակացուց՝ ըսելով. «Որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր, որ ՀՕՄ-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէ, անկախ անոր մանրամասնութիւններէն, ո՛չ միայն կը յաջողի, այլեւ իր նպատակին կը հասնի։ Առաջնորդական տարիներու մեր փորձառութեամբ տեսած ու հաստատած ենք կնոջ բազմակողմանի կարողութեանց արդիւնաւորութիւնը։ Հապա որքան, եթէ այդ կիները ՀՕՄ-ուհիներ են։ ՀՕՄ-ը ո՛չ միայն բարեսիրական, խնամատարական եւ ընկերութեան կարիքներու բաւարարման միութիւն է, այլեւ հայ կնոջ տաղանդներն ու կարողութիւնները մասնագիտական տարողութեամբ զարգացնելու դարբնոց է, մանաւանդ արեւմտեան աշխարհի այս ափերուն։»
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ներկաները, կանաչաւուն ճանապարհ, ուժ ու կորով մաղթեց ՀՕՄ-ի մեղուաջան անդամներուն եւ նորանոր իրագործումներ ու յաջողութիւններ՝ իրենց ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութեանց մէջ։