
Կիրակի, 12 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, պատգամեց եւ Ս. խորանը գեղազարդող որմնանկարներու օրհնութիւնը կատարեց, բնաբան ունենալով՝ ոսկեդարուն, պարսիկ Յազկերտ բռնատէր արքայի երեսին նետուած՝ հայ ժողովուրդի պատմական սա խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Մեր հայրը Ս. Աւետարանը կը ճանչնանք եւ մեր մայրը՝ Հայ Առաքելական ընդհանրական Ս. Եկեղեցին»:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, ներկայութեամբ շրջանի ղեկավարներու, բարերարներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Ակնարկելով 5-րդ դարու Հայաստանի պատմաքաղաքական պայմաններուն՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ հայ ազգի կեանքին մէջ կան պատմութիւն կերտած թեւաւոր խօսքեր, դրուագներ ու դէպքեր, որոնք իբրեւ կենդանի օրինակներ եւ բացարձակ ճշմարտութիւններ քալած են դարերու մէջէն՝ մաս կազմելով մեր հայրենիքին ու ազգի հոգեկերտուածքին եւ բնաւորութեան, ապա այս իմաստով արժեւորեց հայ ազգի հոգեւոր ծնողները համարուած Աստուածաշունչն ու Եկեղեցին, որոնք ցոյց կու տան հայոց ըմբռնման բարձր չափանիշն ու ընկալման վսեմութիւնը քրիստոնէական հաւատքի նկատմամբ, միաժամանակ հարց տալով, որ արդեօք գոյութիւն ունի՞ ուրիշ ժողովուրդ մը, որուն մօտ Սուրբ Աւետարանը հայր ըլլայ, իսկ Եկեղեցին ալ՝ մայր:
Այնուհետեւ, իր խօսքը կապելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մայրերու տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը ե՛ւ անհատական, ե՛ւ ազգային մակարդակի վրայ շնորհաւորեց հայ մայրերն ու հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս՝ դիտել տալով, որ մեր ժողովուրդը Աստուծոյ խօսքը եւ Քրիստոսի եկեղեցին կ՛ընդունի իբրեւ հայր եւ մայր՝ հաստատելով, որ իր ծնողներուն նկատմամբ տածած բարձրաբերձ սիրոյն ու յարգանքի անկեղծ զգացումներուն հիմամբ է, որ մեր ազգը իր էութեան մէջ ընդգրկած է քրիստոնէական հաւատքը:
Յընթացս Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան կատարեցին Ս. խորանի որմնանկարներու օծման արարողութիւն (գործ՝ արուեստագէտ-նկարիչ Տիգրան Յովումեանի):
Յայտնենք, որ արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը իր շքերթով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր ան հատեց կարկանդակ՝ Էնսինոյի համայնքին տուած առաջին այցելութեան առիթով եւ ընդունեց սրտաբուխ շնորհաւորանքները եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ անհատ բարեկամներու: