– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԱՀԱՑԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻԻՆ
Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, տօնական օրերու ընդառաջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց սիրոյ մասին՝ բնաբան ունենալով Ա. Յովհաննէսի 4-րդ գլուխին 20-րդ համարը, ուր գրուած է. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ»: Բացատրելով աստուածաշնչեան խօսքը՝ Առաջնորդ Սրբազանը նախ հրաւիրեց ներկաները հաւատքով սիրել զԱստուած, ապա յարգանքով ու գորովով սիրել իր նմանը, իր ընկերը, եւ վերջապէս՝ զսպուած ու ժուժկալ սիրել իր անձը, միաժամանակ ինքզինք հեռու պահելով անձնասիրութեան ախտէն:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Պերճ Սրկ. Աբգարեան, Ազգ. Երեսփոխան՝ Մարք Սրկ. Շիրին, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պիլ Սրկ. Սահաթճեան եւ դպիրներ: Այս առիթով հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ վասն շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ննջեցեալ անդամներու հոգիներու հանգստութեան:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունելէ ետք ներկաները, Ֆրեզնոյի հայ համայնքին փոխանցեց իր սրտագին մաղթանքները՝ աշխարհի վրայ խաղաղութեան, մարդոց միջեւ փոխադարձ սիրոյ հաստատման եւ մարդկային անցողիկ կեանքը աստուածահաճոյ ու երջանիկ ապրելու մասին:
Յետ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղուեցաւ սրահ եւ ջերմ ու մտերմիկ զրոյց-հանդիպումներ ունեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ:
Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի համայնքը իր երախտագիտական զգացումներն ու անմնացորդ սէրը արտայայտելու համար իր հոգեւոր Առաջնորդին, անոր նուիրեց Պատարագի զգեստ: