Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի օրհնաբեր երդիքին ներքոյ ընդունեց Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտները, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեանի եւ հայերէնաւանդ դասատուներու: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան:
Վարդանանց տօնին ընդառաջ, Տիկին Շանլեան աշակերտութեան անունով ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ իբրեւ անմիջական արձագանգ՝ Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած առաջնորդական կոչին, ան Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մեծ ընտանիքին կողմէ հալէպահայութեան ի նպաստ նուիրեց հինգ հազար տոլար ($5000) եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր մաղթեց կանաչ ու փայլուն օրեր իր ազգային ու մարդասիրական առաքելութեան մէջ:
Այնուհետեւ աշակերտները խումբ առ խումբ ներկայացուցին Վարդանանց տօնին նուիրուած ասմունքներ ու խմբերգներ, կատարեցին ազգային պար եւ յուշանուէր յանձնեցին իրենց Առաջնորդ Սրբազանին, խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով Արեւմտեան Թեմի hոգեւոր տան մէջ:
Թորգոմ Եպիսկոպոս իր կարգին բարձր գնահատեց աշակերտներուն հայասիրական զգացումները՝ իրենց ոչ ծանօթ, բայց հարազատ հալէպահայութեան նկատմամբ, այլեւ ծափերով արժեւորեց աշակերտներուն ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագիրը եւ դրուատեց կրթական պատասխանատուներու ցուցաբերած բծախնդիր աշխատանքն ու ծնողական հոգածութիւնը իրենց աշակերտներուն նկատմամբ:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական խրախուսիչ խօսքերուն հետ աշակերտներուն նուիրեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ողկոյզ» հատորէն նմուշներ եւ փայտեայ խաչակիր ապարանջաններ եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլոր այցելուներուն: