Skip to main content
search
Uncategorized

Առաջնորդ Սրբազանի Ձեռամբ Լուսաւորուեցան Մսուր Եւ Տօնածառ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տօնավաճառ-Փառատօնին

By May 20, 2023May 20th, 2024No Comments

Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ միօրեայ տօնավաճառ-փառատօն, որուն աւարտին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ Հոգեւոր հայրեր շարականներ հնչեցուցին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը խորհրդանշող մեծադիր մսուրին եւ նոր՝ 2024 տարուան գալուստը աւետող բարձրադիր տօնածառին առաջ, ապա ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին լուսաւորուեցան մսուր ու կաղանդի ծառ՝ շրջափակը լեցուցած բազմաթիւ ներկաներէն խլելով խանդավառ ու ցնծագին բացագանչութիւններ:

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերու եւ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ եւ շարք մը կամաւոր նուիրեալներու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-փառատօնը սկիզբ առաւ յետմիջօրէին եւ ժողովրդային տօնախմբութեամբ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամեր՝ ստեղծելով տօնական բացառիկ մթնոլորտ, որուն մէջ իրենց յատկանշական տեղն ու դերը ունեցան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից խումբերն ու անհատները:

Իրօք, շատ խրախուսական երեւոյթ էր եւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց՝ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի եւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի մանուկ ու պատանի աշակերտներու մասնակցութիւնը՝ տօնական հոգեւոր երգերով, Համազգայինի «Անի» պարախումբի կրտսերներուն ոգեշնչող պարերը, ինչպէս նաեւ «Լիլիան», «Լիլի», «Իվոք» եւ «Զուարթնոց» պարային խումբերու կատարումներն ու յայտագրի աւարտին՝ երգիչ Յովհաննէս Պալեանի ստեղծած խանդավառութիւնը հայկական շունչով եւ ցնծագին ապրումներով լեցուցին շրջափակն ու իւրաքանչիւր ներկայի հոգին:

Օրը հարուստ եղաւ աղօթքով, երգով, պարով, խաղերով, նուէրներով, տեսակ-տեսակ զուարճալիքներով, մինչ եկեղեցւոյ համայնքին կողմէ աւելի քան հազար այցելուներ ողողուեցան ընտանեկան ջերմութեամբ, ամբողջ ժամեր զուարթացան ե՛ւ փոքրերը, ե՛ւ մեծերը, որոնք նաեւ խաղերու եւ գնումներու ճամբով առնչուեցան հաճելիին ու օգտակարին հետ եւ յիշատակի նկարներ վերցուցին լուսաւորուած մսուրին եւ տօնածառին հետ:

Close Menu

Categories