Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի, այցելեց Կլենտէյլի Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզ եւ ընդունուեցաւ մանկամսուրի Վարիչ տնօրէնուհի՝ Տիկին Լորէթ Աւաննէսեանի, Ուսումնական եւ ծնողական մարմինի ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու կողմէ:
Ծանօթացման եւ բարի գալստեան արարողութեան նաեւ ներկայ եղան հիմնադիր բարերար զոյգին՝ Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններու դուստրն ու հարսը՝ Տիկիններ Սանտրա Գալեմքէրեան եւ Գարօլին Թիւֆէնքեան, որոնք, ըստ աւանդութեան, եկած էին յարգելու յիշատակը իրենց եւ իրենց ամուսնոյն ծնողներուն: Անոնք նաեւ բուսացանութիւն կատարեցին՝ կրթական հաստատութեան զանազան անկիւնները գեղազարդելով տեսակ-տեսակ բոյսերու նորատունկ ծիլերով՝ արարողութիւնը նուիրելով հիմնադիր բարերարներու յիշատակին:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շրջագայեցաւ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի դասարանները, զրուցեց սիրասուն մանուկ աշակերտներու, ուսուցչական կազմին ու պատասխանատուներուն հետ, հաղորդ դարձաւ անոնց աշխատանքային առօրեային ու ծրագիրներուն, ապա նախագահեց Գոհաբանութեան օրուան առիթով եւ հիմնադիր բարերարներու փափաքով ամէն տարի աւանդաբար կազմակերպուող տօնական հանդէսին, որուն ընթացքին Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան կրթական հաստատութեան մանուկ աշակերտները ներկայացուցին ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան երկլեզու երգերով գեղարուեստական յայտագիր, ստեղծելով տօնական խանդավառ մթնոլորտ:
Մանկական հանդէսի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատանքով եւ ծափողջոյններով գնահատեց փոքրիկները, որոնց շարքերուն մէջ կը գտնուէին Թիւֆէնքեան բարերար զոյգին թոռն ու ծոռը, իրենց ցնծալից կատարումներուն համար, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց Ազգ. Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի մեծ ընտանիքին, ջատագովեց բարերար ընտանիքի անդամներուն հոգատար վերաբերումը իրենց ժառանգ թողուած կրթական կառոյցին ու աւանդին եւ տօնական իր բարեմաղթութիւնները անխտիր փոխանցեց բոլոր ներկաներուն: