
Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեց Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոն, շնորհաւորեց Միութեան գնած նոր կառոյցը եւ այդ նպատակին համար նիւթաբարոյական աջակցութիւն չզլացած բարերարները՝ նշելով, որ հայ կեանքի յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է ազգային մշակոյթի պահպանումը, տարածումն ու նոր եւ ժամանակակից ոգիով ու յաջորդական սերունդներու ճիգերով յարատեւութիւնը:
Այս առիթով ան նաեւ բարձր գնահատեց հրաւիրեալ բարերարներն ու նուիրատուները եւ յատկապէս իշխանական նուիրատուութիւն կատարող կեդրոնի գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անճելա Սթամպօլեանները, որոնց անունով կը կոչուի Համազգայինի անդրանիկ նոր կեդրոնը: Նաեւ, ան գնահատեց Համազգայինի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները իրենց միութենական ծառայութեան եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար՝ դիտել տալով, որ ամերիկեան այս ափերուն Համազգայինը կարեւոր դեր կը կատարէ՝ յատկապէս արեւմտահայութեան հոգեկերտուածքին հարազատ արեւմտահայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման ու զարգացման շատ կարեւոր գործին մէջ:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց Շրջանային վարչութեան ներկայի թէ նախկին անդամներուն եւ հրաւիրեալներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան շրջանին մէջ Համազգայինի մշակութային գործունէութեան անարգել ծաւալման ու բարգաւաճման:
Յիշեցնենք, որ Ազգ. Առաջնորդարանը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոն գնելու նպատակին համար յատկապէս վերջին երկու տարուան ընթացքին կատարած է նկատառելի նուիրատուութիւն: