Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարան

By November 1, 2024No Comments

Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այցելեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարան, ուր ընդունուեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Սիւզի Օհանեանի, Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի վարիչ՝ Տիկին Քրիսթինա Մովսէսեանի եւ Ուսումնական Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Թաշճեանի, անդամներ՝ Տիարք Կէրի Դաղլեանի եւ Սեւակ Տէմիրճեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան փոխ Ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Ազգային բարերար Տիար Մայք Սարեան։

Այս առիթով, Վարժարանի «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահէն ներս, վարժարանի հայկական ակումբի եւ մշակոյթի ամսուան յանձնախումբի կողմէ գործադրուեցաւ աշակերտական մակարդակի գեղարուեստական յայտագիր՝ բոլոր աշակերտներուն մասնակցութեամբ, ապա Գեղամ Արքեպիսկոպոս շրջեցաւ դասարաններ եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց աշակերտներուն եւ անոնց դաստիարակներուն եւ զրուցեց տարբեր դասարաններու մատղաշ ու պատանի աշակերտներու հետ:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շեշտեց Ազգային վարժարաններու տեղն ու դերը հայ քրիստոնեայ աշակերտութեան հայեցի դիմագիծի պահպանման մէջ, յորդորելով աշակերտները տէր կանգնելու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ մեզի հրիտակուած հայ ոսկեղնիկ լեզուին ու հայ մշակոյթին, դադրիլ օտար մշակոյթներու ազդեցութիւններէ եւ մեր հերթին շարունակել զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ։

Այս իմաստով ան նաեւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ դիտել տալով, որ անոնք բազում զոհողութիւններու ճամբով կը ճգնին իրենց զաւակներն ու աշակերտները հայ քրիստոնեայ դաստիարակել՝ հակառակ բազում մարտահրաւէրներով լեցուն բարդ ու փոթորկալից մեր ներկայ ժամանակներուն, ուր իրապէս հերոսութիւն է հայ դպրոց պահելը, հայօրէն շնչելը, այլեւ հայութեան համար ապրիլն ու գործելը, ըսաւ ան:

Հուսկ, իր խօսքը ուղղելով սիրասուն աշակերտներուն՝ Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական գորովին ու օրհնութեան միախառնելով իր բառերը՝ ըսաւ. «Մեր ազգի այսօրուան հերոսներն էք դուք, սիրելի՛ աշակերտներ, որովհետեւ այսօր դուք պարծանքն էք մեր ազգին, գոյատեւման երաշխիքը Հայ Դպրոցին, իսկ վաղը՝ դուք պիտի ըլլաք յանձնառու ղեկավարները մեր կառոյցներուն ու համայնքին ու ազգին»։

Close Menu

Categories