Skip to main content
search
UncategorizedԳլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր ԼուրերԼուրերու լուսարձակ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցի Եւ Իրազեկ Դարձաւ Աղէտահար Շրջանի Հայութեան Իրավիճակին

By January 13, 2025No Comments

– Կոչ՝ Միասնականութեան Եւ Իրարօգնութեան

Ուրբաթ, 10 Յունուար 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Ճորճ Չորպաճեանի եւ Սարգիս Թաթիկեանի, այցելեց վերջին օրերուն Լոս Անջելըսն ու շրջակայքը հարուածած հրդեհներու ճարակ՝ հայահոծ Փասատինա քաղաքը եւ սրտցաւ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցի ապաստանած աղէտահար հայ ընտանիքներու հետ, որոնցմէ շատերուն բնակարանները, տուներն ու գործատեղիները հրոյ ճարակ դարձած էին, ուրիշներ՝ իրենց տուներէն աւելի ապահով վայրի փնտռտուքով խմբուած էին եկեղեցւոյ մէջ:

Փասատինայի ու շրջակայքի հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալու պարտականութեան կոչին ընդառաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին ապաստանեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյններն ու անվտանգ ապրելու եւ գոյատեւելու մաղթանքները՝ միաժամանակ դիտել տալով, որ Արամ Ա. Վեհափառ այս օրերուն իր ուշադրութեան առարկան դարձուցած է լոսանճելըսահայութեան ներկայ առօրեան եւ աջալրջութեամբ կը հետեւի բնական աղէտի զարգացումներուն ու հետեւանքներուն, ապա իր հայրական ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքերով ուժ եւ կորով ներշնչեց իր հօտի զաւակներուն, միաժամանակ կոչ ուղղելով լոսանճելըսահայութեան՝ դժուարին, ծանր ու աղէտալի այս օրերը միասնական ճիգերով դիմագրաւելու եւ կարելի փութկոտութեամբ աղէտահար զանգուածին հնարաւոր աջակցութիւն ցոյց տալու, «որպէսզի նման ծանր օրեր շուտով չիք ըլլան մեր բոլորին կեանքէն»:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը միաժամանակ տէ՛ր է գոյատեւելու դարաւոր աւանդութեան եւ ուրեմն ա՛յս եւս պիտի կարենայ հաւատքով ու իրարօգնութեամբ դիմագրաւել:

Զրուցելով ապաստանեալներուն հետ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն իրազեկ դարձաւ աղէտեալ շրջանին մէջ ներկայիս տիրող կացութեան, աղէտահարներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց մարդկային ու ընկերային կարիքներուն՝ յոյս յայտնելով, որ՝ «հայ ազգի զաւակներ ամէնուր գիտակից կեցուածք կը ցուցաբերեն, որպէսզի կարելիի սահմաններուն մէջ եւ հնարաւոր աջակցութեանց ճամբով յաջողինք յաղթահարել բնութեան պատճառած մարդկային այս ճգնաժամը եւս», ըսաւ ան:

Close Menu

Categories