Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Օրէնճ Քաունթի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով

By March 17, 2021June 11th, 2024No Comments

Օրէնճ Քաունթիի Ս․ Քառասնից Մանկանց ծխական համայնքին համար Շաբաթ, Մարտ 13 եւ Կիրակի, Մարտ 14, 2021ը եղան յիշատակելի օրեր։ Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Օրէնճ Քաունթիի հայ համայնքին, յատուկ փայլք եւ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծելով տեղւոյն հայութեան կեանքէն ներս: Մեծ թիւով հաւատացեալներ անհուն բերկրանքով ընդունեցին իրենց Հոգեւոր Առաջնորդը եւ վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, ապա իրենց անկեղծ շնորհաւորանքները փոխանցեցին նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանին։

Արդարեւ, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Շաբաթ 13 Մարտի յետմիջօրէին դիմաւորուեցաւ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեանի, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ եւ հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան, որուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ սարկաւագներ, միաւորներ, Լոս Անճելըսէն ժամանած հոգեւոր հայրեր, ներկայութեամբ հաւատացեալներու։ Ժամերգութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Օրէնճ Քաունթիի ծխական շրջան այցելութեան առիթով եւ շեշտեց հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ առաքինութեանց կարեւորութիւնը՝ իբրեւ քրիստոնէական կենցաղի հիմնարար սկզբունքներ: Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ընթրիք, որուն ընթացքին ներկաներէն շատեր արտասանեցին իրենց յարգանքի եւ երախտագիտութեան սրտի խօսքերը:

Կիրակի, 14 Մարտ 2021, առաւօտեան ժամը 11ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ս․ Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, կատարեց մատաղի օրհնութիւն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը։ Ս․ Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, նախկին հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Հրանդ Աւ․ Քհնյ․ Երէցեանը, սարկաւագներ, ուրարակիրներ ու դպիրներ: Ս․ Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեան, նախկին ատենապետ տիար Կարօ Էշկիեան, մատաղի արարողութեան հովանաւոր տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ, այլեւ եկեղեցւոյ եւ համալիրի հիմնադիր բարերարներ, համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալ հայորդիներ:

Սրբազան Հօր պատգամին առանցքը կազմեց քառասուն զինուորներու նահատակութիւնը ի փառս աստուածային սիրոյն, զոր ան մեկնեց՝ ըսելով. «Քառասուն երիտասարդներ կային, որոնք սիրահարուած էին Յիսուսի, սիրահարուած էին Աստուծոյ, սիրահարուած էին քրիստոնէական կրօնքին եւ այնքան սէր ունէին Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, որ յանձն առին տոկուն մնալ իրենց սիրոյն մէջ եւ իբրեւ պատիժ նախընտրեցին «սառէ լիճ»ը ձգուիլ եւ յանուն Յիսուս Քրիստոսի նահատակուիլ: Այդ զինուորները թէեւ շատ հաւատացին եւ շատ յուսացին, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր՝ անոնք սիրեցի՛ն: Սէրը միայն զգացական պահ մը չէ մարդոց կեանքին մէջ, սէրը բառ չէ միայն, սէրը ապրում է, սէրը զոհողութիւն կ՛ենթադրէ, սէրը մեզ կը կապէ մեր Արարիչին հետ եւ սիրոյ ճամբով Արարիչը կը խոնարհի դէպի երկիր, ըլլալու համար իր ժողովուրդին հետ եւ իր ժողովուրդին կողքին»:
Հաստատելէ ետք, որ աստուածային սէրը շատ աւելի խոր ու անդին է միայն զգացական վիճակ ըլլալէ եւ այդ մասին մէջբերելով Յովհաննէս Առաքեալին խօսքը, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ եթէ կ՛ուզես Աստուած սիրել, ապա կը հրաւիրուիս սիրելու քու նմանդ, քու եղբայրդ, քու քոյրդ եւ միայն այդպէս իրագործած կ՛ըլլաս առաքելութիւնդ, սիրած կ՛ըլլաս զԱստուած:
«Այսօր տօն է Օրէնճ Քաունթիի մեր զաւակներուն համար, թէեւ մեր կեանքին մէջ կան, գոյութիւն ունին զանազան հարցեր, տխրութիւններ ու դժուարութիւններ, բայց Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, աստուածային լոյսը կը բացուի համանուն մեր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ընդմէջէն եւ մենք՝ հօտ եւ հովիւ, կը հրաւիրուինք աստուածային լոյսը տեսնելու եւ յոյսով նայելու վաղուան օրուան, որ երկնային ջրվիժացող սիրով պիտի ողողէ մեզ, որպէսզի մենք ձեռք-ձեռքի բռնած՝ նորոգ ուժով շարունակենք միասին քալել Աստուծոյ ճամբուն մէջէն, մեր եկեղեցւոյ ծաղկազարդման եւ մեր ժողովուրդի կեանքին բարեզարդման համար, որովհետեւ մեր եկեղեցին ոչ թէ քարաշէն տաճարն է, այլ մեր ժողովուրդը ի՛նքն է, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ եկեղեցին կ՛եկեղեցիացնէ», հաստատեց պատգամաբեր Սրբազան Հայրը:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ առ ի խաղաղութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիրներու եւ սպասարկողներու հոգիներուն։

Յայտնենք, որ նոյն օրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով եւ Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի խնդրանքով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի նաեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ազգային հերոս եւ վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թեհլիրեանի անմեռ յիշատակին, անոր հերոսական արարքի 100ամեակին առիթով։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հաւատացեալները ուղղուեցան «Ղուկասեան» սրահ, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Մանօ Տիշոյեան, Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Քնար Քէրքէսէրեան եւ Գարեգին Քհնյ․ Պետուրեան արտասանեցին երախտագիտական խօսքեր եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով վերջ գտաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած «սիրոյ սեղան»ը:

Close Menu

Categories