Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 25-Ամեակի Կարկանդակ Հատեց Ազգ. Առաջնորդարանի Մէջ

By March 3, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2025-ին, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութիւնը, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ գումարած իր ժողովին բարի մտածումը ունեցաւ շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանի Հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-ամեակը (20 Փետրուար 2000): Գեղամ Արքեպիսկոպոս, այս առիթով պատրաստուած գեղեցիկ կարկանդակը հատելէ ետք, ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընդունեց Ազգ. վարչութեան անդամներուն ջերմագին շնորհաւորանքները՝ աստուածահաճոյ ծառայութիւնը անխափան շարունակելու, առողջութեամբ անսասան մնալու եւ յիսնամեայ ծառայութեան պսակին արժանանալու, ի պայծառացումն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան Թեմին:

Փոխադարձաբար, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ուշադրութեան համար եւ ուրախութեամբ ընդգծեց, որ Ազգ. վարչութեան հետ համագործակցութիւնն ու համերաշխ մթնոլորտի մէջ միասնական աշխատանքները կը շարունակուին՝ ի նպաստ Ազգային Առաջնորդարանի նպատակներու իրագործման եւ Թեմի առաւել հզօրացման ու բարգաւաճման:

-Յայտնենք, որ նոյն առիթով, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը եւս, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ հանդիպման ընթացքին շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25-րդ տարեդարձը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները, այս առիթով պատրաստուած շքեղ կարկանդակի մը Գեղամ Արքեպիսկոպոսի ձեռամբ հատումէն ետք: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց հայ մօր, կնոջ ու քրոջ նուիրեալ գործունէութիւնը ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ, ապա Օժանդակ մարմինի բոլոր անդամներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները:

Close Menu

Categories