Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Ընդունեց Շնորհաւորական Այցելութիւնները Համայնքային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու

By May 17, 2024June 18th, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր Տիար Ճորճ Չորպաճեանի եւ գանձապահ Դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի, երկրորդ օրն ըլլալով Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ, Oրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Գալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժանի մեծ ընտանիքներուն: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան անդամներու շարքին էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացիկ տարուան Նաւասարդեան Խաղերու հովանաւոր, ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեաններ, ինչպէս նաեւ այս տարուան Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ. ական Արամ Պէքարեան:

Իրենց ջերմագին շնորհաւորանքները Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցելէ ետք, համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ու կազմերու այցելու պատասխանատուներ, ատենապետներ եւ ներկայացուցիչ անդամներ Գեղամ Արք. Խաչերեանի նաեւ ներկայացուցին իրենց կառոյցներուն ու մարմիններուն իրագործած աշխատանքները՝ հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական, միութենական եւ զանազան բնագաւառներէ ներս եւ անդրադարձ կատարեցին իրենց եկեղեցաշէն, ազգանպաստ ու հանրօգուտ գործունէութեանց ու հետագայ ծրագիրներուն մասին:

Ծանօթացման ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց ողջախոհ մօտեցմամբ սերտ գործակցութեան ստեղծման կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս եւ ամենայն բարիք ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց այցելուներուն, ապա անոնց փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները:

Close Menu

Categories