Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2021ի առաւօտեան Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ անդամ Արա Սուտճեան:
Ազգ. Շամլեան վարժարանի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Սրբազան Հօր Առաջնորդական պաշտօնին ընտրութիւնը եւ այս առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ կրթական ներկայ տարեշրջանի ծրագիրներու իրականացման համար կիրարկուող առցանց մեթոտներու եւ հայոց լեզուի ուսուցման կապուած հարցերու: