Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներ

By June 26, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Օշին Յարութունեանի եւ անդամ՝ Տիկին Լենա Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ գործադիր տնօրէն՝ Տիար Սարգիս Պալխեանի:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը Յանձնախումբի ներկայ գործունէութիւնն ու հետապնդած աշխատանքները ներկայացուցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր կարգին փոխանցեց խորհուրդներ:

Այս առիթով, այցելուները նաեւ խնդրամատոյց եղան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հրաւիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբի ամէնամեայ աւանդական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Հոկտեմբեր 2024-ին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան եւ գնահատեց՝ Ամերիկայի տարածքին գործող քաղաքական այս մարմինին կողմէ, ի նպաստ Հայաստանի ու արցախահայութեան իրաւունքներուն, տասնամեակներէ ի վեր իրագործուող աշխատանքները, ապա իր ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց այցելուներուն եւ իրենց ընդմէջէն՝ նաեւ Յանձնախումբի ծրագիրներուն աջակից բոլոր ազգայիններուն:

Close Menu

Categories