Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Արցախի Նախագահի Խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանը

By August 6, 2021June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շրջանս գտնուող Արցախի հանրապետութեան նախագահի խորհրդական եւ Սփիւռքի հարցերով ներկայացուցիչ Ազատուհի Սիմոնեանը:

Հանդիպման ընթացքին Սիմոնեան Արցախի նախագահի, կառավարութեան եւ տեղւոյն հայութեան անունով իր երախտագիտութիւնները յայտնեց Արեւմտեանի Թեմին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընդհանրապէս լոսանճելըսահայութեան՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք Արցախի եւ անոր ժողովուրդին ցուցաբերուած հոգատարութեան եւ իրականացուած մարդասիրական ծրագիրներուն համար: Միատեղ զրոյցը ընդգրկեց մտքերու փոխանակում՝ Արցախի ներկայ իրավիճակի, ժողովուրդի կարիքներու եւ ապագայ լուծումներու կապուած:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին բարձր գնահատեց Արցախ աշխարհն ու հայութեան այդ հպարտ, բայց վերաւոր հատուածի գոյութիւնը ազգի կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Լիայոյս ենք, որ կը շարունակենք նուիրատուութիւններու ճամբով մեր մասնակցութիւնը բերել Արցախ հայրենիքի հայօրէն գոյատեւման պայքարին եւ յետ պատերազմեան վերականգնման ճիգերուն»:

Close Menu

Categories