![](https://westernprelacy.org/wp-content/uploads/2024/06/IMG_0704.jpg)
Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2024-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց փրոթոգոլային այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Ընդհանուր Հիւպատոս՝ Տիար Դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի, ընկերակցութեամբ խորհրդական՝ Տիկին Նազելի Համբարձումեանի:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ փոխադարձ ծանօթացում՝ Արեւմտեան Թեմի նոր Առաջնորդի եւ Հ.Հ. պետութեան ներկայացուցիչի միջեւ: Մտերմիկ զրոյցով յատկանշուած այս հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց հայրենի դիւանագէտին ջերմ շնորհաւորանքները՝ իր Առաջնորդ ընտրութեան առիթով եւ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց հայրենի պետութեան ներկայացուցիչներուն՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական իրենց պարտաւո-րութիւններուն մէջ:
Բոլոր տեսակի յարաբերութիւններու պարագային զիրար կարենալ լսելու հիմնական սկզբունքը վեր առնելով՝ կողմերը նաեւ անդրադարձան Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող հարցերու եւ ընդգծեցին սերտ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը աշխարհասփիւռ ազգի զաւակներուն եւ հայրենիքի կեանքին մէջ: