Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները

By August 3, 2021June 2nd, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին ցարդ իրագործած իրենց աշխատանքները, խօսեցան համաճարակի ներկայ օրերուն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար իրենց կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն մասին, ապա խնդրեցին Սրբազան Հօր օրհնութիւնը, իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի առաքելութիւնն ու կամաւորներու միջոցով ծաւալած գործունէութիւնը, օրհնեց Հիմնարկի աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կարելի բոլոր միջոցներով նպաստելու Հիմնարկի ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories