Ուրբաթ, 11 Փետրուար 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու՝ իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի առաքելութիւնն ու կամաւորներու միջոցով ծաւալած գործունէութիւնը