
Ուրբաթ, 20 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր տնօրէն՝ Վերապատուելի Գրիգոր Եումշաճըգեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութեան Աւ. Հովիւ՝ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեանի եւ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետ. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Պատուելի Յովսէփ Կարապետեանի:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, բարձր գնահատեց Հոգեւոր դաշտի մէջ գործող հին բարեկամներու հետ վերահանդիպումը եւ այս առիթով շնորհաւորեց Աւստրալիայէն Լոս Անճելըս այցելութեան եկած Վեր. Եումուշաճըգեանը, իր ստանձնած նոր պաշտօնին համար:
Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, բարեկամ հովիւները արտայայտուեցան ներկայ ժամանակներու մէջ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու դիմաց ծառացած բարոյագիտական, հոգեբանական, մարդկային ու ընկերային տեսակ-տեսակ մարտահրաւէրներու մասին եւ ընդգծեցին հոգեւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս նորահաս սերունդներու պատրաստութեան ի նպաստ կազմակերպուած կրթական գործունէութեան մէջ, ապա դարձեալ հանդիպելու ջերմ յոյսով յաջողութիւն մաղթեցին իրարու:


