Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Գործադիր Ատենապետ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Եւ Մշակութային Կեդրոնի

By June 11, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի Հայ-Ամերիկեան թանգարանի գործադիր ատենապետ՝ Տիար Պերճ Կարապետեանի, ընկերակցութեամբ թանգարանի գործադիր տնօրէն՝ Տիար Շանթ Սահակեանի:

Հիւրերը շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր նոր պաշտօնին համար եւ զրոյցի ճամբով ամբողջական գաղափար մը տուին անոր՝ Կլենտէյլի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին, որուն հոգաբարձական կազմի համաատենապետներէն է Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը:

Հանդիպման ընթացքին Գեղամ Արքեպիսկոպոս դրուատեց հայութեան անցեալն ու ներկան, ծագումն ու զարգացումը ժամանակակից ոճով Կլենտէյլի հայաշատ կեդրոնին մէջ յատուկ թանգարանով մը ներկայացնելու գաղափարը, զայն նկատեց արդիական լեզու՝ հայ ազգի ու հայրենիքի պատմամշակութային հարստութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու առումով եւ իր զրուցակիցներէն ստացաւ անհրաժեշտ ու շահեկան լրացուցիչ տեղեկութիւններ:

Արդարեւ, Տեարք Կարապետեան եւ Սահակեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինարարական փուլերը, նիւթական իրավիճակը, տարուող աշխատանքները, այս նապատակին համար սահմանուած ծրագիրները, ժողովուրդին մասնակցութիւնը, առկայ մարտահրաւէրներն ու յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք փառատօնին մանրամասնութիւնները:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին աւարտին շնորհաւորեց գաղութը եւ ծրագիրին պատասխանատուները, ե՛ւ աշխատող, ե՛ւ նուիրող բարերար ձեռքերը, ապա բոլորին մաղթեց անխափան ընթացք, յարատեւութիւն եւ յաջողութեան նոր ուղիներ:

Close Menu

Categories