Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կատարեց Ս. Գրոց Սերտողութիւն Եւ Տօնածառի Լուսաւորում

By December 10, 2021June 2nd, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս.
buy zovirax online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/zovirax.html no prescription

Գրոց սերտողութիւն՝ բնաբան ընտրելով սաղմոսներու գիրքէն հինգ խորհուրդներ, որոնք անմիջական աղերս ունին այսօրուան մեր կեանքին հետ:

Եկեղեցին լեցուցած ժողովուրդը համախումբ մասնակցութիւն բերաւ շարականներու երգեցողութեան: Այս առիթով, շուրջ 400 հաւատացեալներ եւ հոգեւորականներ «Տէր Ողորմեա»յի յատուկ աղօթք բարձրացուցին համայն աշխարհի խաղաղութեան եւ մեղաց թողութեան համար, ապա փառաբանական յատուկ երգ մը երգեցին՝ յոյս ունենալով եւ հաւատալով, որ 2022 տարին Աստուած մարդուն պիտի շնորհէ յարաբերաբար յաղթօծուն 365 օրեր:

Հուսկ, «Փառք ի Բարձունս» գոհաբանական երգի մատուցմամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը բոլորուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զարդարուած կաղանդի ծառին շուրջ, ուր տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բարձրադիր տօնածառին լուսաւորումը, որով ուրախ մթնոլորտը հասաւ իր զենիթին:

Close Menu

Categories