Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպում Ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի Շրջ. Վարչութեան Ատենապետին Հետ

By June 11, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 6 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Փիեռ Մանուկեանի հետ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ քաղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան շրջանի գործունէութեան, կատարուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը զրուցեց Տիար Մանուկեանի հետ, որ Առաջնորդին հայթայթեց Նաւասարդեան խաղերու բնոյթին, ձեւին, տարողութեան, ժամանակացոյցին, վայրին եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւն տուաւ Միութեան «Հրաշք» խումբի գործունէութեան ու ընթացքին մասին:

Արեւմտեան Թեմի համայնքային կեանքի երեսներուն հետզհետէ աւելի մօտէն ծանօթացող Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպման աւարտին օրհնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր բոլոր աշխատանքներուն:

Close Menu

Categories