
Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց, ապա նախագահեց ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու հոգւոցն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պաշտօնին, Պատարագիչ ունենալով Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հայրերէն Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը: Ս. Արարողութեան ներկայ եղան Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտական խումբեր, շրջանի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղի ընկերուհիներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ հոգեւոր խորհրդածութեամբ մը, որ կը պատասխանէր այն հարցումին, թէ՝ «մէկ նախադասութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է խտացնել Աստուածաշունչը»: Ի պատասխան ան նշեց, որ Ս. Գիրքին մէջ արձանագրուած «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանը եթէ գործադրենք մեր կեանքին մէջ, ապա գործադրած կ՛ըլլանք Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւններն ու պատուիրանները այնպէս, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը թելադրէ:
Ընդարձակելով այս մտածումը, ան Յիսուս Քրիստոսի ուսուցանած առակները յիշատակեց՝ ցոյց տալով, որ Յիսուս կը փորձէր պարզաբանել ճշմարտութիւնները եւ զանոնք սորվեցնել իր հետեւորդներուն, որպէսզի մարդիկ չըլլան անձնասէր, այլ ըլլան ընկերասէր, այսինքն՝ իրենցմէ դուրս սիրեն նաեւ զիրենք շրջապատող մարդիկն ու բոլոր մարդերը, վարուին այնպէս, ինչպէս որ իրենք կ՛ուզէին մարդիկ վարուին իրենց հետ:
Այս ծիրէն ներս, մանրամասնելով Յիսուսի կողմէ պատմուած «բարի սամարացի»ի օրինակը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ առաջին՝ չի բաւեր կեանքի մէջ բարի բաներու հաւատալ ու ըլլալ բարի, այլ պէտք է որ մեր հաւատքը գործով ցոյց տանք (compassionate action). երկրորդ, որ չկան մակարդակներ կամ սահմաններ օգնութեան, այլ՝ պէտք է, որ մարդը մարդուն հասնի օգնութեան որքան որ պէտք է՝ նկատի չունենալով բոլոր շինծու սահմաններն ու սահմանափակող հանգամանքները, ապա սամարացիին բարի օրինակը պատշաճեցնելով Հայ Օգնութեան Միութեան դարաւոր առաքելութեան՝ նշեց, որ հայ ազգի բարի սամարացիներէն մէկն է կնոջական այս միութիւնը, որ առանց սահմանի ու սահմանափակութեան, նուիրուած է մեր ժողովուրդի վիրաւոր ու կարիքաւոր հատուածին եւ անհատին պէտքերու լիացման եւ դժուարութիւններու յաղթահարման, յաճախ առանց նախօրօք զգուշացման, ի մասնաւորի աղէտալի պահերու, երբ այս կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ սամարացիական բուժող ձեռք, անմիջապէս կը փութայ հասնիլ օգնութեան, աշխարհի ո՛ր անկիւնէն որ հնչէ կարիքաւորի կանչ:
Իր խօսքի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց ՀՕՄ-ի կամաւորական ու կազմակերպ աշխարհատարած գործունէութիւնն ու պատրաստակամութեան ոգին՝ նուիրեալ, անշահախնդիր եւ բոլորանուէր հայ մայրերէ, հայ կիներէ եւ հայուհիներէ կազմուած այս կազմակերպութեան, զայն կոչելով «հայ ժողովուրդի բարի սամարացին»:
Յետ արարողութեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու յիշատակը եւ այս առիթով պատրաստուած մատաղը:
Յայտնենք, որ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան դիմումին ընդառաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօռրինումով, նոյն օրը Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ եղան տեղական մասնաճիւղերու վարչական կազմերը, անդամներն ու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած վաստակաւոր ու նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներու ընտանեկան պարագաները, հարազատներն ու բարեկամուհիները: