
Կիրակի, 28 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին նշեց Բուն Բարեկենդանը, որուն յաջորդ օրը սկիզբ առաւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը։
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալի արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Արարողութեան ներկայ եղան եկեղեցւոյ ժողովականութեան, Տիկնանց միութեան, ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղի անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն։
Իր պատգամը խարսխելով աստուածաշնչեան՝ «Ս. Հոգիին արդիւնքներն են սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5.22-23) համարին վրայ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ներկաները հրաւիրեց մաքրուելու հոգիով ու միտքով, «որպէսզի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին նորացած ըլլանք իբրեւ մարդ», շեշտելով, որ Մեծ Պահոց աղօթական շրջանը յատկապէս ա՛յս իմաստով պէտք է արժեւորենք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Ս. Զատիկին ստանանք աստուածային պարգեւներ:
ՀՕՄ-Ի ԱՆԱՀԻՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց ՀՕՄ-ի Անահիտ մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Մեծ Պահոց ճաշկերոյթին։
Առաջնորդ Սրբազանն ու Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան միասնաբար կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր մաղթանքը փոխանցեց ներկաներուն՝ վեր առնելով ՀՕՄ-ի նուիրական ծառայութիւնն ու ազգի եւ հայրենիքի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր տեղն ու դերը:
Անահիտ մասնաճիւղի ատենապետուհի Տիկին Շաքէ Թոքաթլեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք, որմէ ետք Տիկին Վարդուկ Թաշճեան անդրադարձաւ քառասնօրեայ պահեցողութեան քրիստոնէական արժէքին եւ թելադրեց ծոմապահութեամբ ու ժուժկալ կենցաղով աղօթքի կենալ Տիրոջ առջեւ եւ ըստ այնմ պատրաստուիլ Ս. Յարութեան տօնին։
Այնուհետեւ, արտասանութիւններով ու երգերով կազմուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը հանդէս եկան Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներ, իսկ Տիկին Անի Պէպէճեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» հանրածանօթ քերթուածը: