
Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Մոնթեպելլոյի Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի նորակառոյց մարզասրահի ժապաւէնը հատեց աղօթական բարեմաղթութիւններով, շրջանի հայութեան համար կարեւոր իրագործում նկատելով Ազգ. վարժարանի գեղակառոյց եւ արդիական մարզասրահը, ուր ոչ միայն վարժարանին աշակերտները, այլեւ հայկական վարժարաններու եւ միութեանց խումբեր պիտի մարզուին ու մրցին իրարու դէմ, նոր ոգեւորութեամբ լեցնելով հայկական վարժարաններու աշակերտական կեանքը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան:
Բացման արարողութեան ներկայ եղան շրջանի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան եւ Տիար Ճէք Հաճինեան,
Խնամակալ Մարմինի անդամներ Իրաւ. Սարգիս Ուրֆալեան, ատենապետ եւ անդամ՝ իրաւ. Սիլվա Կիրակոսեան, վարժարանի տնօրէնուհի Օրդ. Լենա Կարապետեան, Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Քրիս Կիւլճեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ հիւրեր:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց շրջանին մէջ նորակառոյց մարզասրահ ունենալու երեւոյթը՝ իբրեւ Լոս Անճելըս գաւառի ամէնէն տարեց՝ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի յառաջդիմութեան ցուցանիշ եւ հայ կրթական կառոյցի առաքելութեան հաւատացող խումբ մը բարերարներու եւ աջակիցներու տարիներու երազի իրականացում, ապա շնորհաւորեց աշակերտութիւնն ու վարժարանի մեծ ընտանիքը այս կարեւոր իրագործումին համար եւ «առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» թեւաւոր խօսքին կարեւորութիւնը շեշտելով՝ մեսրոպեանական սերունդներու մաղթեց առողջ ու ամբողջական աճում՝ Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. վարժարանի համայն կեանքի տեւողութեան: