Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրաբար Ներկայ Եղաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) 106-Ամեակի Հանդիսութեան

By October 21, 2025No Comments

Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հիւրաբար ներկայ եղաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան՝ (AMAA) հիմնադրութեան 106-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Jonathan Club-ի մէջ, Լոս Անճելըս:

Հանդիսութիւնը պատեհ առիթ հանդիսացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աւելի մօտէն ծանօթանայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան անձնակազմին ու գործունէութեան դաշտերուն՝ յատկապէս քրիստոնէական, կրթական եւ մարդկային բնագաւառներէ ներս, Հայաստան եւ Սփիւռքի հայաշատ գաղութներ: Առիթը նաեւ ընձեռեց հնարաւորութիւն, որ ան վերահանդիպի իր վաղեմի ու նոր պատուելի բարեկամներուն:

Հրաժեշտ տալէ առաջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ շնորհաւորեց AMAA-ի նոր տնօրէն՝ Տիար Սերժ Պուչաքճեանը, իր ստանձնած պաշտօնին համար, բարձր գնահատեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան իրագործած ծրագիրները աշխարհատարած հայութեան կեանքէն ներս, ապա ամենաբարին մաղթեց 106-ամեայ Ընկերակցութեան ու անոր ներկայ եւ ապագայ բոլոր աշխատանքներուն:

Close Menu

Categories