
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2021 տարին հռչակած էր «Արցախի Տարի»: Այս իրողութեան լոյսին տակ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընթացիկ տարուան մէջ, ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, նաեւ հիմը դրաւ «Նահատակի ընտանիքին» հիմնադրամին եւ այս ծիրէն ներս, հոգեւոր ու ծառայական մէկշաբաթեայ առաքելութեամբ մը վերջերս մեկնեցաւ Հայաստան:
Հայրենիք կեցութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Եռաբլուր եւ Պռօշեան գերեզմանատուն, ուր ամփոփուած են նահատակներու շիրիմները: Ստեղծելով աղօթական մթնոլորտ՝ Սրբազան Հայրը բարձրացուց յատուկ աղօթք, ապա շարականներու երգեցողութեան ճամբով խնդրեց Բարձրեալէն, որ Արցախի փրկութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակ զինուորներու եւ կամաւորներու հոգիները հանգչին խաղաղութեամբ եւ անոնց ընտանիքները Տիրոջ օգնութեամբ մխիթարութիւն գտնեն:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաքելութեան նպատակն էր աղօթական, հոգեւոր ու բարոյական զօրակցութեան կողքին, նաեւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել նահատակներու ընտանիքներուն: Այս իմաստով, Սրբազան Հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ ութսուն ընտանիքներու հետ եւ անձնապէս լսեց անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ընկերային կարիքները, ապա փորձեց իր աղօթքներով ու մխիթարական խօսքերով թեթեւցնել զաւկի, եղբօր, հօր, ամուսինի ու հարազատի կորստեան բեռան տակ ծանրօրէն կքած որդիներու, քոյր-եղբայրներու, այրիներու, մայրերու, մեծ հայր ու մայրերու վիշտն ու սուգը: Ան տեսակցեցաւ մատշաղ որբերու հետ եւ գրկեց իրենց նահատակ հայրերը երբեք չտեսած քանի մը ամսական որբ մանուկներ, որոնց հոգածութիւնն ու խնամքը կարիքը ունին ազգի բոլոր զաւակներու ուշադրութեան: Սրբազան Հայրը նաեւ աղօթական զօրակցութիւն ցուցաբերեց որդեկորոյս մայրերուն ու այրիներուն եւ անոնց լալէն չորցած անարցունք աչքերուն դիմաց յոյսի ու լոյսի նոր պատուհաններ բանալու փորձ ըրաւ՝ մխիթարական խօսքերով, յորդորներով, անկեղծագոյն վշտակցութեամբ ու զօրակցութեամբ:
Արդարեւ, նիւթական վերջին այս յատկացումը կու գայ աւելնալու անցեալ ամիսներուն նոյն նպատակին կատարուած այն զօրակցութեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմը յատկացուց նահատակներու ընտանիքներուն: Արեւմտեան Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանը եւ ընդհանրապէս Թեմը համահայկական բազմաթիւ ձեւերով (հիմնադրամ, դրամահաւաքներ, լիաբուռն նուիրատուութիւններ…) եւ զանազան միջոցներով զօրակցութիւն ցուցաբերած էր Արցախի պատերազմին զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի բառերով՝ «Արեւմտեան Թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան զօրակցութեամբ, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրեալներուն աջակցութեամբ մեր առաքելութիւնը շարունակելի է»: