Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Դպրաց Ձեռնադրութեան

By December 5, 2024No Comments

Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պատարագին, կատարեց դպրաց ձեռնադրութիւն եւ քարոզեց, Պատարագիչ ունենալով եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը:

Ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ծնողներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յընթացըս Ս. եւ անմահ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Թեմի եկեղեցիներու մէջ ծառայող 16 նուիրեալ պատանի եւ նորելուկ երիտասարդներ՝ Յովհան Համալեան, Վահան Մինասեան, Հրանդ Մինասեան, Սեւակ Քիւրքճեան, Մեսիա Քէսպէրեան, Թովմաս Նալճեան, Տարօն Նալճեան, Յարութ Նալճեան, Մելքոն Մանամշեան, Գրիգոր Գիւզուքարայեան, Յովսէփ Կարապետեան, Էմանուէլ Չաքպարտարեան, Շանթ Չաքպարտարեան, Ճոնի Եսայեան, Ռազմիկ Յովասափեան եւ Նորիկ Սահակեան, որոնք երկիւղածութեամբ բոլորուեցան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի շուրջ եւ մասնակից դարձան արարողութեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը սկիզբ առաւ աստուածաշնչեան առաջին Սաղմոսի առաջին համարով, ուր կ՛ըսուի, թէ երանելի է այն մարդը, որ անօրէններուն խորհուրդով չի քալեր, մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, զԱստուած ծաղրողներուն ու անարգողներուն հետ չի նստիր, այլ իր ուրախութիւնն ու վայելքը կը գտնէ Աստուծոյ օրէնքին մէջ եւ կը նմանի առատ ջուրերուն քով տնկուած այն ծառին, որ իր ժամանակին իր պտուղը կու տայ:

Ձեռնադրեալ թարմատի տղոց բացատրելէ ետք, որ միայն Աստուծոյ ճամբուն մէջ ըլլալը կը փրկէ մարդս բոլոր տեսակի չարիքներէ եւ ծանր փորձութիւններէ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց՝ եկեղեցական արարողակարգին մէջ դպիրներու համար կարեւորութեամբ վերապահուած պաշտօններու մասին՝ իբրեւ առաջին աստիճանի վրայ կանգնած նուիրեալ դպիրներու պարտականութիւններ, ինչպէս՝ Ս. Գիրքէն սաղմոս կարդալ, եկեղեցւոյ գաւիթն ու խորանը աւելով մաքրել, լոյսերն ու ջահերը վառելով եկեղեցին պայծառացնել եւ ժողովուրդին առաջ բանալ եկեղեցւոյ դուռը՝ միաժամանակ դիտել տալով, որ դպիրները նաեւ հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ՝ իրենց ստանձնած պարտաւորութեանց կատարման համար, եւ թէ՝ ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին տղոց մազերու կտրումը խորհրդանշական իմաստ ունի եւ կը նշանակէ՝ աշխարհիկ կեանքէն հաւատքով հրաժարիլ եւ մտնել Աստուծոյ ճամբուն մէջ:

Շարունակելով իր քարոզը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց ծնողներու կողմէ իրենց որդիներուն մատուցուած դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ այս տղոց առաջին դաստիարակները իրենց ծնողներն են, որոնք իրենց զաւակները կ՛առաջնորդեն դէպի աստուածահաճոյ ապրելաձեւ, հետեւաբար, ընտանիքներն ու ծնողները մեծ դեր ունին իրենց զաւակներու բարոյական դաստիարակութեան մէջ, խորհրդածեց ան:

Հուսկ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց 16 նորոգ ձեռնադրեալ պատանի դպիրներու ծնողներն ու հարազատները եւ գնահատեց անոնց վարքը՝ իրենց մանչ զաւակները ծառայութեան մղելու դէպի Աստուծոյ տաճար եւ ժողովուրդի ծառայութիւն, ապա Հոգեւոր հայրերու ու մանաւանդ Խրիմեան Հայրիկի խօսքերն ու պատումները դարձնելով ուսանելի օրինակներ, ան հաւատքի մէջ հզօրանալ յորդորեց ձեռնադրեալներուն եւ օրհնեց զանոնք՝ իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր եկեղեցիին մի՛շտ մօտիկ մնալու հայրական ջերմ մաղթանքով:

Close Menu

Categories